ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕՏԱՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ Կ՛ՈՒԶԷ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԷԹԻ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵԼ

Տեսարան` Թուրքիոյ մէջ հաստատուած սուրիական գաղթակայանէ մը

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ մարդասիրական օժանդակութեան օտար կազմակերպութիւնները չեն կրցած մուտք գործել Ալեքսանտրէթի նահանգ, ուր սուրիացի գաղթականներ կը գտնուին:

Թուրք պաշտօնատարներ «Միլլիյէթ»ին յայտնեցին, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ, եւ ապահովական մարմիններ մտահոգ են, որ «լրտեսներ» կրնան գաղթակայաններ ներթափանցել:

Թրքական «Զաման» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ գաղթակայաններուն մէջ ծնած են սուրիացի 23 նորածիններ, որոնցմէ հինգը Ռեճեփ Թայիփ անուանուած են:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերվելը Թուրքիա իր այցելութեան նախօրեակին «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շրջանին մէջ Թուրքիոյ դիրքը նկատառելի կերպով ամրապնդուած է: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ ներկայ տագնապի լուծման համար բանալի դերակատարութիւն կը կատարէ: Աւելի՛ն. ան Աֆղանիստանի, Իրանի, Իրաքի, Լիպիոյ, Թունուզի եւ Եգիպտոսի զարգացումներուն նկատմամբ նկատառելի քայլեր առած է: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ Գերմանիա այս շրջանին մէջ նոյնատեսակ շահեր ունին:

Նշենք, որ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթը իր շաբաթ օրուան թիւով հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին յղած է նամակ մը, որուն մէջ Ասատին կոչ ուղղած է` կառավարական նոր փոփոխութիւն մը կատարելու:

 

Share this Article
CATEGORIES