ՊԱՅԹՈՒՄ` ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԸ ՄԷՋ
Ֆրանսայի հիւլէական կայաններէն մէկուն մէջ շաբաթ օր պայթում մը տեղի ունեցած է: Ականատեսներու վկայութեամբ, Թրաքասթէնի հիւլէական կայանի մէկ արտադրամասէն դէպի երկինք ծուխ բարձրացած է պայթումի պահուն:
Պայթումէն տուժածներ չկան: Հրդեհը չէզոքացնելու համար մեծ թիւով հրշէջներ աշխատեցան:
CATEGORIES Միջազգային

