Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 22-Ամեակի Ոգեկոչում
Երէկ` կիրակի, 4 մայիս 2014-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 22-րդ տարելիցի հոգեհանգստեան արարողութիւն: Արարողութենէն ետք, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 22-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին անունով արտասանուած բացման խօսքին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի յատկանիշներուն` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերէն մինչեւ Շուշիի ազատագրութեան կռիւները:
Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօս Յովիկ Յովհաննէսեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի քաղաքի կարեւորութեան` յայտնելով, որ «Շուշիի ազատագրութեան պայծառ առաւօտը միա՛յն պատմութիւնն է, որ ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպիսի՛ օրհասական ճակատամարտ մըն էր հայութեան գոյութեան պատերազմին մէջ: Շուշիի ազատագրումը հիմը դրաւ արցախեան յաղթանակին: Արցախը որոշեց հայութեան ապագան: Արցախով հայ ժողովուրդը նուաճեց ազգային յաղթանակի ու արժանապատուութեան սուղ արժէքները»:

Ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան Յովիկ Յովհաննէսեան ըսաւ, որ «Վիգէնը ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ արդէն 22 տարիներէ ի վեր: Մենք սակայն կրնանք վստահ ըլլալ, թէ ուր ալ որ գտնուի ան հիմա, իր միւս ընկերներուն հետ միասին, Լիզպոնի հերոսներէն մինչեւ անժամանակ մեզմէ բաժնուած Պերճին եւ Սագոյին հետ, անոնք կը շարունակեն մղել միեւնոյն պայքարը. հայու գոյութեա՛ն պայքարը: Մեզի կը մնայ հաւատարիմ մնալ այս հերոսներու քալած ճանապարհին: Այլապէս իմաստազրկած կ՛ըլլանք, թէ՛ Վիգէնի նահատակութիւնը եւ թէ՛ ալ իր յիշատակը յաւերժացնող այսօրինակ բոլոր արարողութիւնները»:
Բանախօսութենէն ետք գեղարուեստական յայտագիրի ընդմէջէն տուտուկի նուագով հանդէս եկաւ Հայկ Քէշիշեան, ապա յեղափոխական երգերով` Յարութ Լափաճեան:
Ձեռնարկի աւարտէն առաջ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին անունով կատարուեցաւ յուշանուէրի յանձնում` նահատակ Վիգէն Զաքարեանի մօր: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

