Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Հալէպի Մէջ Դարձեալ Հայ Վիրաւորներ
«Արմենփրես»` վկայակոչելով Հալէպի լրատուական գրասենեակը, հաղորդած է, որ 3 մայիսին Հալէպի մէջ ռումբերու պայթումներու պատճառով կրկին հայեր վիրաւորուած են: Հալէպի պետական համալսարանին մօտ ինկած ռումբի մը պայթիւնին պատճառով վիրաւորուած է հայ ուսանող Նայիրի Գրիգորեան, որուն վիճակը կայուն է:
3 մայիսին տասնեակ մը հրասանդներ ինկած են Հալէպի տարբեր թաղամասերուն վրայ: Անոնցմէ 4-ը ինկած են Հալէպի հայաշատ Ազիզիէ շրջանին վրայ, անոնց պատճառով վիրաւորուած է Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Կոմիտաս Տատաղլեան:
2 մայիսին Նոր Գիւղի Տիգրանեան այգիին վրայ ինկած է կազի շիշ մը, որուն պատճառով 2 հայ վիրաւորներ կան` Բենօ Փիլայճեան եւ Լեւոն Յովհաննէսեան, որոնց վիճակը մտահոգիչ չէ:
CATEGORIES Գաղութային

