Ըստ «Սթար»-ի. Էրտողան Մօտ Օրէն Կազա Պիտի Այցելէ
Թրքական «Սթար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Կազա պիտի այցելէ, այցելութիւն մը, որ ըստ օրաթերթին, յետաձգուած էր ներքին եւ արտաքին զարգացումներու, ինչպէս` Կեզի զբօսայգիի դէպքերուն, Եգիպտոսի զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութեանց պատճառով:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Էրտողանի այցելութեան ծրագիրին եւ ժամկէտին ճշդման պատրաստութիւնները սկսած են, եւ Էրտողանի կողմէ մեծ փափաք կայ զայն կատարելու, մանաւանդ միջպաղեստինեան դրական զարգացումներու ներկայ հանգրուանին:
CATEGORIES Միջազգային

