Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նաեւ Երուսաղէմի եւ մերձակայ տարածքներուն մէջ բնակող մարոնի համայնքին պատրիարքն է եւ անոր այցելութիւնը հովուապետական է: «Անկարելի է, որ Ֆրանչիսկոս պապը Եւրոպայէն այդ շրջանները ժամանէ եւ այդ շրջանի մարոնի համայնքին հոգեւոր պատասխանատուն հոն չըլլայ», ըսաւ ան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Սամիր Ժահժահի թեկնածութենէն հրաժարիլը կրնայ տագնապի մը լուծման նախաքայլը դառնալ: Ան աւելցուց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պիտի մասնակցի այսօր տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստին ընթացքին երեսփոխաններու բաւարար ներկայութիւն չապահովելու պարագան կրնայ ապահովական մտահոգութիւններ յառաջացնել:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ներկայ պիտի չգտնուի այսօրուան Ազգային երկխօսութեան նիստին եւ ոչ ալ չորեքշաբթի, 7 մայիս 2014-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան նիստին, բացի եթէ այդ թղթածրարին առումով զարգացումներ արձանագրուին:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է մնայ Լիբանանի կառավարութեան առաջնահերթութիւնը:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու շեշտեց, որ խորհրդարանին աշխատանքներուն խոչընդոտումը Հըզպալլայի օգտագործած ահաբեկչական զէնքին համազօր է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի, որ ամիսներու բացակայութենէ ետք շաբաթավերջին վերադարձաւ Լիբանան, յայտնեց, որ սէուտցիներուն ուղղուած զգուշացումները` Լիբանան կատարուելիք այցելութիւններուն իմաստով, ուղղակիօրէն կախեալ են երկրին ապահովական ծրագիրէն:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի Լիբանան վերադարձը` նշելով, որ Լիբանանի մէջ անոր ներկայութիւնը կ՛օժանդակէ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանման եւ ամրապնդման:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ Փարիզի հանդիպումը ընթացած է բաւական դրական մթնոլորտի մէջ: «Յաջորդ հանգրուանին կրնանք զօր. Միշել Աունը տեսնել նախագահական պալատին, իսկ Սաատ Հարիրին` վարչապետարանին մէջ», ըսաւ Ռահմէ:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը կ՛ուղղուին հրաժարելու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութենէն` զօրակցելու համար հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի թեկնածութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերը կը ջանան երկիրը անիշխանութեան մատնել եւ պետութեան աշխատանքները խոչընդոտել:

ՍԱՊՐԱՅԻ, Ռուէյսի եւ Պըրժ Պարաժնէի մէջ լիբանանեան բանակը ձերբակալեց 7 յանցագործներ, որոնց մօտ գտնուեցան եւ գրաւուեցան մեծ քանակութեամբ զէնքեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը անկարելի է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նախագահական թեկնածուն տակաւին Սամիր Ժահժահն է:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը տակաւին կ՛անդամալուծեն երկրին պետական հաստատութիւնները` օգտագործելով անիշխանութեան զէնքը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ընտրել հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, որ կարենայ դիմագրաւել դժուարութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ իրենք չեն փափաքիր Լիբանանը անիշխանութեան մատնուած տեսնել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Լիբանանի համար բեռ դարձած են:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ կառավարութեան կատարած վերջին նշանակումները փաստեցին, որ անիկա աշխատանքի կառավարութիւն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ շատ հաւանական է, որ 25 մայիսին նախագահ մը չընտրուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ կարեւոր նկատեց նախագահական ընտրութեան առումով համաձայնութեան մը գոյացումը:

 

Share this Article
CATEGORIES