Ուահապ. «Կ՛ուզենք Ունենալ Հանրապետութեան Հզօր Նախագահ Մը, Որ Անձնական Շահեր Չի Հետապնդեր»
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իրենք կ՛ուզեն ունենալ հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, որ անձնական ոչ մէկ շահ կը հետապնդէ:
«Լիբանան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն զօրակցութիւնը վայելող նախագահ մը պիտի չունենայ», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն առիթը ունի համախոհական թեկնածու դառնալու եւ մշակելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ու Լիբանանի բարեկարգման յատուկ ծրագիրներ:
Ուահապ կոչ ուղղեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին վերջ տալու նախագահական ընտրութեան առիթով անոր կատարած կատակներէն` ընդգծելով, որ եթէ Հարիրի շարունակէ իր ընթացքը, նախագահական ընտրութիւնը կրնայ յառաջիկայ սեպտեմբերին կատարուիլ:
CATEGORIES Լիբանանեան

