Լիբանանի Մէջ Գործող Օտարազգի Աշխատաւորներու Ցոյց
Լիբանանի մէջ գործող օտարազգի աշխատաւորներ երէկ կատարեցին ցոյց մը, որ սկսաւ Տորայէն, անցաւ Պուրճ Համուտէն, հասնելով մինչեւ Մար Մխայէլ:
Աշխատաւորներու միջազգային տօնին առիթով կատարուած այս ցոյցին ընթացքին, ցուցարարները պահանջեցին իրենց իրաւունքները:
Աշխատաւորները պահանջեցին իրենց անցագիրները գրաւելու, զիրենք տան մէջ բանտարկելու եւ իրենց հաշուոյն գործուող անարդարութիւններուն վերջ մը տալ:
Անոնք արաբերէնով, անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով կրկնեցին իրենց պահանջները` ներկայացնելով իրենց ազգային տարազները, սովորութիւններն ու պարերը` «տօնակատարութեան» մթնոլորտի մը մէջ:
Օտար աշխատաւորներուն այս ցոյցը արդէն իսկ չորրորդ տարին է, որ տեղի կ՛ունենայ` գործակցութեամբ «Քարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութեան եւ կազմակերպութեամբ ՔԱՖԱ միութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան այլ միութիւններու: Նախաձեռնութիւնը կը վայելէր նաեւ Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումը:

