«Թրիփոլիի Մէջ Ապահովական Խախտումները Վերջ Գտած Են» Յայտնեց Ռիֆի

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական խախտումներն ու զինեալ բախումները վերջ գտած են` աւելցնելով, որ իրենք կը գտնուին Թրիփոլին վերակառուցելու եւ շրջանը բարգաւաճեցնելու սեմին:

Ռիֆի յայտնեց, որ իրենց նպատակն է Թրիփոլին դարձնել ազգային գոյակցութեան, համերաշխութեան, ներողամտութեան եւ չափաւորականութեան քաղաքը` պահպանելով անոր ապահովական կայունութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES