Ժեմայէլ. «Կը Ձգտիմ Դառնալ Համախոհական Նախագահական Թեկնածու Մը»

Ամին Ժեմայէլ
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իւրաքանչիւր մարոնի քաղաքական անձնաւորութիւն կը ձգտի դառնալ հանրապետութեան նախագահ` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութեան առաջադրումը բնական է, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, թէ կարգ մը թեկնածուներու ընտրութիւնը անկարելի կը թուի ըլլալ:
«Կը ձգտիմ դառնալ նախագահական համախոհական թեկնածու մը` քաջ գիտնալով, որ յոռեգոյն պարագային իսկ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող որեւէ կուսակցութիւն իմ դէմս չէ դիրքորոշուած, ինչպէս է պարագան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ նշեց, որ Լիբանանի գերագոյն շահերը կ՛ենթադրեն երկրին ապահովութեան եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան պահպանումն ու տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն բարելաւումը:
«Անիշխանութիւնը Լիբանանի համար անձնասպանութիւն գործելու համազօր է», ըսաւ ան:

