Ռիատի Մէջ . Հարիրի Ընդունեց Հէյլը
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Ռիատի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
Սէուտական Արաբիոյ մէջ Հէյլ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ սէուտցի այլ պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար Լիբանանի նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւնը:
Նշենք, որ Հարիրի Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի եւ նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզի հետ` քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
CATEGORIES Լիբանանեան

