Ռայի Պատրիարքին Կողմէ Յորդանան, Երուսաղէմ Եւ Մերձակայ Շրջաններ Կատարելիք Այցելութիւնը` Լուսարձակի Տակ

Ռայի պատրիարքը` Լուրտի մէջ

Ռայի պատրիարքը` Լուրտի մէջ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Լուրտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցեց կիրակի օրուան պատարագը, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ

իսկական հրաշքը այն է, որ մարդ արարածը ամէնօրեայ դրութեամբ արթնցնէ իր հաւատքը եւ բուժէ իր հոգին:

Ան նշեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը մնայուն կերպով կոչ ուղղած է Միջին Արեւելքի տագնապներուն խաղաղ լուծումներ գտնելու, «եւ պէտք է ընդգծել, որ ներողամտութիւնը, երկխօսութիւնն ու հաշտութիւնը Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ազդակներն են»:

Նշենք նաեւ, որ 24-26 մայիսին Ֆրանչիսկոս պապին Ս. հողեր` Յորդանան, Երուսաղէմ եւ մերձակայ շրջաններ կատարելիք այցելութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքին ընկերակցութիւնը լուսարձակի տակ առնուած է եւ ներքին լիբանանեան առումով տարակարծութիւններու դուռ բացած:

Այդ պատճառով մարոնի եկեղեցին եւ հոգեւորականները յաճախակի յայտարարութիւններ կը կատարեն, ընդգծելու համար, թէ Ռայի պատրիարքին կատարելիք այդ այցելութիւնը հովուապետական է:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ընդվզած է նախագահական ընտրութեան առումով յառաջացած միջմարոնիական տագնապներէն, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ մարոնի ղեկավարները մնայուն կերպով կը դրժեն միասնական մնալու իրենց խոստումը:

Share this Article
CATEGORIES