Պըրրի. «Անիշխանութեան Մատնուելու Հաւանականութիւնը Իսկական Է Եւ Լուրջ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է շրջանային եւ միջազգային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապատի վերահաստատեց Թեհրանի զօրակցութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս այս հանգրուանին:
Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ անիշխանութեան մատնուելու հաւանականութիւնը իսկական է եւ լուրջ:
CATEGORIES Լիբանանեան

