Միշել Սլէյման Այսօր Պիտի Նախագահէ Իր Նստաշրջանի Ազգային Երկխօսութեան Վերջին Նիստին

Նախագահ Սլէյման կը քողազերծէ իր անունով մարզաւանին ցուցանակը

Նախագահ Սլէյման կը քողազերծէ իր անունով մարզաւանին ցուցանակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ իր նստաշրջանի Ազգային երկխօսութեան վերջին նիստին: Հաւանական է, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր բացակային Ազգային երկխօսութեան նիստէն, որուն ընթացքին կը նախատեսուի, որ նախագահ Սլէյման ներկայացնէ նախորդ բոլոր նիստերուն ամփոփումը:

Միւս կողմէ, նախագահական իր պաշտօնավարութեան աւարտէն շուրջ երեք շաբաթ առաջ, երէկ երեկոյեան նախագահ Սլէյման Ամշիթի մէջ բացումը կատարեց իր անունը կրող մարզաւանին:

Բացման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ միայն պետութիւնն է, որ արժանապատուութիւն եւ գերիշխանութիւն կրնայ ապահովել:

Ան նշեց, որ պետութիւնը պէտք է ազգային ուժ եւ կարողութիւն ունենայ` մաղթելով, որ այդ իրականութեան ականատես դառնայ` ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան վաւերացումով:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց լիբանանեան պետութեան ուժին վերահաստատումը` շեշտելով, որ Լիբանանը պէտք է չէզոք պահել շրջանին տագնապներէն:

Ան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է կատարուի բնական մրցակցութեամբ` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին ընթացքին երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյացումը ժողովրդավարութեան կը հակադրուի:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ համախոհական կառավարութիւնը ի վիճակի չէ անիշխանութեան բացը գոցելու եւ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան ազգային պարտականութիւններ ստանձնելու:

Ան կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն եւ քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն չսպասելու արտաքին կորսուած համախոհութեան, որպէսզի յուսախաբ չըլլան:

«7 մայիս 2014-ը դարձուցէք համախոհութեան թուական, հակառակ 7 մայիս 2008-ին: Մեր բոլորին ընտրանքն է միասնաբար եւ համերաշխութեամբ ապրիլ` ազգային մաքուր շրջագիծի մէջ եւ առանց իրականութիւնները շրջելու», եզրափակեց նախագահ Սլէյման:

Share this Article
CATEGORIES