Ազրպէյճան Մինսքի Խմբակէն Հաշուետուութիւն Կը Պահանջէ

Օքթայ Ասատով

Օքթայ Ասատով

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանը ուրբաթ, 2 մայիսին առաջարկած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը հաշուետուութիւն տայ նոյն կառոյցի ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին, եւ պահանջած է տուեալ հարցը ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի` Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք նիստի օրակարգին վրայ դնել:

Առաջարկը ներկայացուցած է խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատով, որ այս առիթը օգտագործած է դարձեալ քննադատելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի գործունէութիւնը` ըսելով . «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր անդամները չեն հասկնար ղարաբաղեան տագնապին էութիւնը եւ զբաղած են միայն «Թուիթըր»-ի վրայ անհիմն մեկնաբանութիւններ գրելով»:

«Որոշ համանախագահներ կը փորձեն Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացնել իբրեւ հակամարտող կողմ: Արդեօք նման պետութիւն գոյութիւն ունի՞», հարց տուած է ան:

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մօտ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Պահար Մուրատովա 2 մայիսին յայտարարած է, որ Պաքուի մէջ 28 յունիսէն 2 յուլիս տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի 23-րդ նստաշրջանին ընթացքին, օրակարգի վրայ պիտի դրուի «ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման հարցը»:

Share this Article
CATEGORIES