Պոլսոյ Պատրիարքի Փոխանորդը Հանդիպած Է Նաեւ Տաւութօղլուի Հետ

Էրտողանի հետ հանդիպումը

Էրտողանի հետ հանդիպումը

«Արմէնփրես» եւ «Մարմարա» կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպում ունենալէ ետք, Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան անջատ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ` ճաշի սեղանի շուրջ:

Տաւութօղլու յայտնած է, որ հանդիպումը կայացած է բարեկամական մթնոլորտի մէջ եւ նշած, թէ Աթեշեան հայկական համայնքին գոհունակութիւնը յայտնած է Էրտողանի յղած ուղերձին կապակցութեամբ: «Յոյս ունինք, որ մեր երկարած բարեկամութեան ձեռքը անպատասխան չի մնար», ըսած է նախարարը:

Իր կարգին, Արամ սրբազան նախարարին շնորհակալութիւն յայտնած է Քեսապէն Թուրքիա ապաստանած հայերուն նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածութեան ու օգնութեան համար:

Հայկական պատուիրակութեան մաս կազմած են նաեւ Պետրոս Շիրինօղլու, Տիգրան Կիւլմեզկիլ եւ Շիրուան քհնյ. հայրը: Նշենք, որ Էրտողանի հետ հանդիպումը մօտաւորապէս 1.5 ժամ տեւած էր, եւ անոր ներկայ գտնուած էին նաեւ Տաւութօղլուն, փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչը եւ վարչապետարանի փոխխորհրդատու Իպրահիմ Քալընը:

Share this Article
CATEGORIES