Տաւութօղլու Հայերուն Կոչ Կ՛ուղղէ Ընդհանուր Ցաւը Թաղելու Եւ Երկխօսութիւն Կատարելու

0405DavutogluԹուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ հայ ժողովուրդին երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղէ: Ան կը նշէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` 1915-ի իրադարձութեանց առնչուող ուղերձը համարձակ քայլ էր:

«Ես բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ հայ-թրքական յարաբերութիւններու աւելի լաւ ապագային կառուցման համար չփախցնելու այս առիթը», կը գրէ ան:

«Թուրքեր եւ հայեր. վարչապետ Էրտողանին պէտք է հետեւինք եւ թաղենք մեր ընդհանուր ցաւը» խորագիրով յօդուածին մէջ ան կը նշէ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները հարիւրամեակներու պատմութիւն ունին:

Տաւութօղլու կը գրէ, որ 19-րդ դարուն Օսմանեան կայսրութեան ուժը աստիճանաբար տկարացած է, եւ Պալքաններու, Կովկասի եւ Անատոլուի մէջ շուրջ 5 միլիոն մարդիկ հեռացած են իրենց հայրենիքէն: «Նոյն ժամանակաշրջանին հայերն ալ մեծ ցաւեր տեսած են, եւ ատիկա անվիճելի փաստ է: Հայ ժողովուրդի մէկ մեծ մասին տեղահանութիւնը անընդունելի եւ անմարդկային հետեւանքներ ունեցած է», կը գրէ Տաւութօղլու:

Ան նշած է, որ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ ապրած հայերու թոռներուն կարեկցանք եւ ցաւակցութիւն յղելը մարդասիրական պարտաւորութիւն է: «Շուրջ 100 տարի տեւած հակադրութիւնը ապացուցեց, որ քանի տակաւին չենք սկսած զիրար լսել եւ հասկնալ, այս խնդիրը պիտի չլուծուի: Բացի ատկէ, պէտք է սորվինք յարգել` առանց մեր տառապանքները համեմատելու, դասակարգելու», կը գրէ ան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը բոլորին կոչ կ՛ուղղէ միանալու հայ-թրքական յարաբերութիւններու աւելի լաւ ապագայի կառուցման համար, իսկ Էրտողանի յայտարարութիւնը որակած է իբրեւ «նախադէպ չունեցող, համարձակ քայլ»:

ԱհմեթՏաւութօղլունաեւկընշէ, որեկածէայդյարաբերութիւններուհամարներդրումկատարելուժամանակը: «Մենքկրնանքհասնիլյաջողութեան, եթէայդձգտումներըմասնակիցներուաւելիլայնշրջանակունենան: Թուրքիանպատրաստէ», կ՛եզրափակէԹուրքիոյարտաքինգործոցնախարարը:

Share this Article
CATEGORIES