Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ արուեստի յատուկ փափաք մը ունիք, երգելու կամ պարելու, գացէք` սորվելու պարել կամ` այլ արուեստի դասերու հետեւելու: Ձեր փափաքը կատարելու օրն է այս:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզմէ պիտի պահանջուի կամ ձեզի պիտի առաջարկեն արտայայտել ձեր հասունութիւնը կամ գիտութիւնը որոշ հարցի մը վերաբերեալ: Դժուար չէ անշուշտ ձեզի համար դրական պատասխանել այս ամէնուն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ըսելիք ունիք, կամ` բացատրելի խնդիր մը, ըսէք հանդարտութեամբ, այս ձեւով յաջողութեամբ կրնաք փոխանցել ձեր տեսակէտը: Խաղաղ եղէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ կ՛ուզէք աւելի դրամ շահիլ, պէտք է զոհողութիւն ընէք, նոյն ատեն հարկ է, որ գիծ մը քաշէք ձեր կարգ մը սովորութիւններու վրայէն: Խոհեմ եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աստղանշանին համար օրը արդիւնաւէտ է եւ յաջողութեամբ լեցուն: Կրնաք իրագործել ձեր որոշածը եւ յաջողութեամբ աւարտել օրը: Երանելի էք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ուտելիքի տեսակէտով փոքր հարց մը զգաք, անմիջապէս անդրադարձէք եւ հարկ եղածը կիրարկեցէք` ըստ ձեր գիտութեան: Սնունդը կարեւոր է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեկամներու ծառայելը ձեր խառնուածքին հիմնական գիծն է: Այսօր պիտի գտնուիք այնպիսի կացութեան մը մէջ, որ օգնութեան պիտի փութաք ձեր սիրած մէկ անձին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխատանքի մարզի մէջ կարեւոր դեր մը պիտի կատարէք: Այս մասին ոչ ոք ձեզի պիտի առաջարկէ, բայց դուք ինքնաբուխ տրամադրութեամբ պիտի շարժիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նախօրօք տոմս մը պիտի գնէք ծրագրի մը համար, որ կրնայ ըլլալ ճամբորդութեան հարց մը կամ այլ կարգի նախապատրաստութիւն մը: Կը յաջողիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ դրամական փոխառութիւններ կամ այլ կարգի հարցեր ունենաք, եղէք զգուշ, արթուն եւ քիչ մըն ալ` հաստատ: Օրը խոհեմութիւն կը պահանջէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր շուրջը ստեղծուած կարգ մը առիթները միջոցներ պիտի ըլլան ձեր գործունէութիւնը զարգացնելու եւ յաջողութիւններ արձանագրելու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր առաջարկները պիտի ընդունուին այսօր: Որեւէ հարցի մասին ձեր կատարելիք խնդրանքները իրագործուած նկատեցէք: Ձեզ պիտի լսեն բոլորն ալ:

 

Share this Article
CATEGORIES