50 Տարի Առաջ (6 Մայիս 1964)

Խմբագրական

Յարգա՜նք Լիբանանի
Նահատակներուն

Լիբանանի ժողովուրդը այսօր դարձեալ կը խոնարհի խնկելի յիշատակին առջեւ բոլոր անոնց, որոնք Ա. Աշխարհամարտի սեւ օրերուն նահատակուեցան օսմանեան բռնակալութեան կողմէ` վասն հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան:

Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր Լիբանան իր նահատակները կ՛ոգեկոչէ ազգային դրօշակի հովանիին ներքեւ: Նահատակներուն երազը իրականութիւն է այսօր` Լիբանանի բացարձակ անկախութեամբ:

Ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ այս երկիրը հասած է բարոյական հեղինակութեան մը բարձունքին ու կը վայելէ ազատութեան եւ անկախութեան բոլոր բարիքները` աւելի խորապէս գիտակցելով այն նուիրումին, որ իր հերոս զաւակները ունեցան:

Լիբանանցի հերոսները` մտաւորական ընտրանին, երբ Պուրճի հրապարակին վրայ կախաղան կը բարձրանային, անդին, Սուրիոյ կիզիչ անապատներուն խորը, ազգ մը կը քալէր իր գողգոթայի ճամբան: Երկու ազնուական ժողովուրդներ սուգի ու արեան մէջ կ՛եղբայրանային, զոհ` Թալէաթներու, Էնվերներու եւ Ճեմալներու ոճրային դաւերուն:

Ահա թէ ինչո՛ւ, վեց տարի ետք, 1921-ին, երբ Կիլիկիոյ հայ գաղթականներ հասան այս ափերը, լիբանանցի ազնիւ ժողովուրդը, մեր ցաւերուն գիտակցութեամբ, եղաւ եղբայրականօրէն ասպնջական: Ու այսօր, մենք, իբրեւ հարազատ զաւակները այս երկրին, մասնակից ենք անոր սուգին` խոնարհելով լիբանանցի մեծ նահատակներու յիշատակին առջեւ: Անոնք` նահատակները այս փոքր երկրին, որ հազիւ մէկուկէս միլիոն բնակիչ ունի, բայց բարձր կը բռնէ ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու դրօշը, իրենց մահով կարելի դարձուցին այսօրուան անկախ եւ ազատ Լիբանանը, ազատ ազգերու ընտանիքին այս յարգուած անդամը:

Հայութիւնը, այս հանդիսաւոր օրուան առիթով, հաստատ համոզումն ունի, որ իր տառապանքներէն վերածնած այս գեղեցիկ երկիրը իր ճակատագիրը պիտի դարբնէ արդարութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ճամբուն մէջ:

Միակ ճամբան, որ այս երկիրը կը տանի դէպի իր ժողովուրդին բարօրութիւնն ու բարգաւաճումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES