Անդրադարձ. Ոտնլուայ Տարեցներու Տարուան Առիթով
ՄԱՐԱԼՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ
Արամ Ա. վեհափառը 2014 տարին հռչակեց «Հայ տարեցի տարի», հետեւաբար այս տարուան բոլոր ձեռնարկները` կրթական, մշակութային կամ ընկերային, կը կրեն այս թեման:
Այս ծիրին մէջ, վեհափառին հրամանով ոտնլուայի կարգը, Լիբանանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ տարեցներու, նախկին դպիրներու, եկեղեցիներու մէջ տարիներու ծառայութիւն ունեցող հաւատացեալներու համար:
Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, տարեցներու շարքին, որոնք եկած էին ձեռնափայտերով, նշմարեցինք արկածահար երիտասարդ մը, որ անխախտ հաւատքով եկած էր` կանթեղը ձեռքին բուժում խնդրելու Աստուծմէ:
Երիտասարդը չէր կրնար առանձին բարձրանալ խորան, դպրաց դասի երիտասարդները զայն գրկեցին եւ խորան հանեցին:
Յուզիչ էր տեսարանը, ներկաներուն աչքերուն արցունք կար, կ՛աղօթէին, որ Աստուած բուժէր այս հիւանդը: Վաղինակ ծ. վրդ. Մելոյեան կատարեց ոտնլուայի խորհուրդը. իբրեւ խոնարհութեան պատուէրի փոխանցում` տպաւորիչ էր պահը` ծերունիներ, արկածահար երիտասարդ, յետոյ` մանուկներու ոտնլուայ:
Որքա՜ն մեծ եւ դաստիարակիչ է խորհուրդը, որովհետեւ ականատես կ՛ըլլանք, հայ ազգի, տարեցի ու մանուկի միատեղ գոյատեւելու ու քալելու հաւատքին:
Շնորհակալութի՛ւն վեհափառ հայրապետին` որ այս առիթով յարգուեցան մեր եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքին նուիրեալ ծերունիները, հիւանդները:
Անկասկած բոլոր տարեցներն ալ ուրախացան, երախտագիտութեան զգացումով իջան խորանէն:
Ոտնլուայի այս արարողութիւնը հիանալի պատգամ մըն է բոլոր մարդոց, հաւատացեալին թէ անհաւատին, որպէսզի մարդկայինը տիրապետէ մարդոց հոգիներուն մէջ:

