Քալչիօ. Եուվենթուս Ախոյեան` Առանց Մրցում Կատարելու

Քաթանիա
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ)) 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Եուվենթուս պիտի հիւրընկալէ Աթալանթան:
Սակայն Եուվենթուս առանց մրցում կատարելու երէկ իսկ արդէն հանդիսացաւ ախոյեան` նկատի ունենալով, որ անոր անմիջական մրցակիցը` Ա. Էս. Ռոմա, Քաթանիայի դաշտին վրայ 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով վերջնականապէս կորսնցուց իր յոյսերը` տիտղոսին տիրանալու:
CATEGORIES Մարզական

