Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Խումբերը` Յաղթական

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ երէկ 5-4 արդիւնքով յաղթեց (կիսախաղ` 3-1, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի) Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆի:

Վաչէ Ղուկասեան նշանակեց 4 կոլ, մինչ հինգերորդ կոլը նշանակեց Ներսէս Պէրպէրեան:

Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբը` Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան գծով իր կատարած մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ռասինկը:

ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Շանթ Գէորգեան եւ Ալեք Յակոբեան:

 

Share this Article
CATEGORIES