Ասորի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

28 ապրիլի առաւօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Իգնատիոս Աֆրամ Բ.ի ներկայացուցիչը` մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպա` շնորհաւորելու վեհափառ հայրապետը Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով եւ միանգամայն իր զօրակցութիւնը յայտնելու Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առթիւ: Ան նաեւ Աֆրամ պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց կաթողիկոսին:

Յայտնենք, որ Լիբանանի ասորի համայնքը իր կարգին անցեալ շաբաթ յատուկ հանդիսութեամբ մը նշած էր օսմանեան պետութեան կողմէ ասորիներուն դէմ գործադրուած ջարդերուն յիշատակը: Սոյն հանդիսութեան վեհափառ հայրապետին կողմէ ներկայ գտնուած էր Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:

Share this Article
CATEGORIES