Լիբանանի Միջդպրոցական Պարի Մրցանք. Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Աշակերտները Ախոյեան

2804jemaranԵրկուշաբթի, 28 ապրիլ 2014-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը, պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, մասնակցեցաւ Լիբանանի միջդպրոցական պարի մրցանքին:

Ճեմարանի խմբակը ներկայացուց հայկական պար մը եւ բարձր գնահատանքի արժանանալով` առաջին դիրքը գրաւեց փոքր աղջիկներու դասակարգին մէջ:

Մրցանքին  մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները` Աբովեան Սէրլի, Տեմիրճեան Մարիա, Այնթապլեան Նանար, Եահնիեան Լորի, Զարմէնեան Փաթիլ, Խաչատուրեան Լորի, Մարգարեան Ռոզալին, Մաքտեսեան Լիլա, Փարլաքեան Սէրլի, Պուտաքեան Լէա, Գափլանեան Մարիա:

Share this Article
CATEGORIES