ՀՄԸՄ Լիբանանի Երէց-Պարմանուհիները Հայկազեան Համալսարանի Մէջ

HMEM-haigazian-(1)ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 27 ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ երէց-պարմանուհի ճիւղերու միացեալ յայտագիրը` Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանին մէջ:

Միացեալ յայտագիրը նուիրուած էր ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչման 100-ամեակի նախօրեակի առիթին եւ հաւատարիմ մնալով  երէցական խոստումին` «Ծառայել ազգիս,  հայրենիքիս ու ամբողջ ուժովս աշխատիլ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման համար: Պայքարիլ այլասերման եւ ապազգայնացման դէմ` պահպանելով հայ լեզուն, հայ մշակոյթը եւ ազգային նկարագիրը» յօդուածներուն:

Յայտագիրը սկսաւ Րաֆֆի Տէմիրճեանի դասախօսութեամբ` «Թրքական կառավարութեան ուրացումի քաղաքականութիւնը եւ հայ երիտասարդին դերը զայն դիմակալելու համար» նիւթով: Երէց-պարմանուհիները ուշի-ուշով ունկնդրեցին դասախօսին օգտաշատ տեղեկութիւնները, բացատրութիւնները եւ դիտեցին թրքական կառավարութեան ուրացումի քաղաքականութեան հակահայ քարոզչութեան յատուկ  պատրաստած տեսերիզները:

HMEM-haigazian-(2)Ապա Հայկազեան համալսարանի զոյգ գրադարաններու տնօրէն Սոնիա Սիսլեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց գրադարաններուն մէջ աշխատանքի եղանակը եւ բացատրեց Հայկազեան համալսարանի զոյգ գրադարաններու կայքին գործածութեան ձեւը, որմէ ետք փաղանգները տասնեակներու բաժնուելով` առիթը ունեցան  օգտագործելու հայկական գրադարանը եւ կարճ ժամանակի ընթացքին փնտռտուք-պրպտումներէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան մասին ներկայացուցին իրենց ձեռք ձգած տեղեկութիւնները:

Յայտագրի աւարտին շրջանային խմբապետութեան կողմէ խօսք առնելով` Լիբանանի ֆետերասիոնի խմբապետ Կարէն Աբրահամեան եզրափակեց, որ պէտք է` «յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը, յիշեցնենք համայն աշխարհին եւ պահանջենք մեր Դատի արդար հատուցումը»:

Յայտագիրը փակուեցաւ «Յառաջ, նահատակ» քայլերգով:

Share this Article
CATEGORIES