ՀՄԸՄ Լիբանանի Արի-Արենուշ Ճիւղերու Արշաւ-Բանակում
ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած արի-արենուշ ճիւղերու արշաւ-բանակումը տեղի ունեցաւ շաբաթ 26 եւ կիրակի 27 ապրիլ 2014-ին:
Աւելի քան 210 արի-արենուշներ` ներկայացնելով ՀՄԸՄ Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերը, շաբաթ 26 ապրիլ 2014-ին արշաւեցին Պիքֆայայէն Պոլոնիա երկարող ճամբան` անցնելով տարբեր հանգրուաններէ եւ լուծելով սկաուտական հարցարաններ:
Խումբերը երեկոյեան հասան Պոլոնիայի անտառներուն մէջ ճշդուած վայրը ու եռանդուն թափով անցան բանակավայրի յարդարման: Աւելի ուշ անոնք անցուցին շատ ճոխ ու խանդավառ ժամանակ` խարուկահանդէսի ընթացքին, երգելով, պարելով ու սկաուտական հաճելի «դրուագներ» ներկայացնելով:
Կիրակի, 27 ապրիլ 2014-ի առաւօտեան, դրօշակի արարողութենէն ետք, խմբակները անցան խմբապետութեան կողմէ պատրաստուած հանգրուանային խաղերու մրցակցութեան, որուն ընթացքին կը տիրէր հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտ:
Բանակումի աւարտին տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որուն ընթացքին յայտարարուեցան լաւագոյն խմբակները ու անոնց բաժնուեցան յատուկ սկաուտական նուէրներ:

