Մէկ Դրախտէն… Միւս «Դրախտ»-ը
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Մեծ ակնկալութիւններով չէր, որ Ամերիկա հաստատուեցայ: Պարզապէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը շատ գէշ ազդած էր վրաս: Փոփոխութեան պէտք ունէի: Երկար տարիներ արձակուրդի չէի գացած: Ինքզինքս մխիթարեցի. «Կը հաշուեմ, որ արձակուրդի գացած եմ, չհաւնիմ` կը վերադառնամ»: Մնալուս պատճառը հաւնիլս կամ չհաւնիլս չէր, պարզապէս դէպքերը այնքան արագ ընթացան, անզգալաբար տարիները սահեցան եւ այդ հոսանքը ինծի ալ բերաւ հոս, ու մնացի: Չվերադարձայ:
«Ուր հաց` հոն կաց», կ՛ըսէ հայկական առածը, սակայն կտոր մը հաց մարդ որեւէ տեղ կրնայ ապահովել, երանի ամէն ինչ հացով վերջանար: Համաճարակի համազօր բան մը եղած էր Լիբանանէն արտագաղթելը:
Երկրորդական վարժարանը աւարտելէս ետք դիմած էի ամերիկեան համալսարաններէն մէկը, պզտիկ քննութիւն մըն ալ անցուցեր էի:
Տուած էին վաւերագիր մը, զոր ցոյց տալով ամերիկեան դեսպանատուն` իրաւունք պիտի ունենայի իբրեւ ուսանող ստանալու մուտքի վիզա: Որոշելու համար շատ չմտածեցի: Դրախտի մէջ կ՛ապրէի: Իսկական դրախտը չեմ կարծեր, թէ Լիբանանէն տարբեր պիտի ըլլար, վստահ ալ չէի, իսկական դրախտի վիզա պիտի կարենայի՞ ձեռք ձգել մահուընէս ետք, սակայն կենդանութեանս երբ դրախտի մէջ եմ, ինչո՞ւ մտածեմ երեւակայական դրախտի մասին: Պատռեցի վաւերագիրը ու մնացի: Չզղջացի, մինչեւ այն օրը, երբ դրախտը վերածեցին դժոխքի:
Ամերիկա հասնելուս առաջին քանի մը շաբաթը իսկապէս որ դրախտի մէջ կը զգայի ինքզինքս: Առաջին տպաւորութիւնս` կը հիանամ քաղաքի մաքրութեան, միայարկ տուներուն` իրենց պարտէզներով, լայն ու մաքուր պողոտաներով: Աղմուկ չկայ, ինքնաշարժները կը սուրան անձայն: Ոչ մէկ ճչակի ձայն: Ամենայն հնազանդութեամբ կը յարգեն երթեւեկի կանոնները: Կարեւորագոյնը այն էր, որ ռումբի ու զէնքի ձայնը, որ այնքան գէշ ազդած է վրաս, գոյութիւն չունի:
Բարեկամներուս մեծամասնութիւնը հոս են, կ՛այցելեն: Մէկը կը խոստանայ տանիլ «լոյսերու մէջ ողողուած քաղաք»` Լաս Վեկաս, ուրիշ մը գործ գտնելու ձեւեր ցոյց կու տայ: Կամաց կամաց այցելութիւնները կը նուազին: Քանի մը հեռաձայններ, ապա անոնք ալ կը լռեն:
Հին բարեկամներ երբ պատահմամբ իրարու հանդիպին, նախքան իրարու որպիսութիւնը հարցնելը, կը հարցնեն «Քանի՞ տարի է հոս ես»:
«Եօթը տարի». իսկ առաջին հարցումին տէրը` «Յառաջիկայ ամիս ինծի 9 տարի պիտի ըլլայ», կը պատասխանէ այնպիսի գոհունակ ժպիտ մը երեսին, որով կը բացայայտէ իր հպարտութիւնը: Ընկերոջմէն երկու տարի աւելի վայելած է նոր «դրախտը»: Ինչպէ՞ս չհպարտանայ, թէպետ մարդ չի գիտեր` վերջաւորութեան ո՞վ աւելի պիտի վայելէ վերի իսկական դրախտը:
* * *
Եթէ որոշած եմ մնալ այստեղ, պէտք է գործ գտնեմ ու աշխատիմ, սակայն հոս ամէն բանէ առաջ պայման է ինքնաշարժ մը ունենալ: Առանց անոր` անդամահատուած ես: Գործածուած ինքնաշարժ մը կը գնեմ ու կը սկսիմ գործի փնտռտուքի: Բարեկամներէ կ՛իմանամ, թէ գործ փնտռելու ամենալաւ ձեւը հետեւիլն է թերթերու ծանուցումներուն: Այդպէս ալ կ՛ընեմ: Քանի մը հատին կը հեռաձայնեմ: Ժամանակ չունին պատասխանելու: Արագ արագ իրենց հասցէն տալով` կը թելադրեն, որ «ամփոփումս» ղրկեմ եւ կը շեշտեն: «Դուն մի՛ հեռաձայներ, մենք քեզ կը կանչենք»: Միամտօրէն կը հիանամ իրենց «ազնուութեան», նոյնիսկ չեն ուզեր, որ հեռաձայնեմ, փոխարէնը` իրենք ինծի պիտի հեռաձայնեն, սակայն կը յուսախաբուիմ, երբ բարեկամներէ կը լսեմ, թէ ատիկա քաղաքավարօրէն մերժելու ձեւ մըն է: Երկու պաշտօնեայի պէտք ունին, հազարաւոր դիմումնագրեր ստացած են: Արդեօք ո՞ր բախտաւորը պիտի ըլլայ ընդունուողը: Քանի մը շաբաթ ապարդիւն պատասխանի կը սպասեմ: Ոչ մէկ լուր: Չեմ համարձակիր հեռաձայնել, գիտեմ` ինչ պիտի պատասխանեն: «Դուն մի՛ հեռաձայներ, մենք կը հեռաձայնենք քեզի»: Կը դիմեմ տարբեր ընկերութիւններ: Բոլորն ալ նոյն խօսքերը կարծես գոց սորված են. «Դուն մի՛ հեռաձայներ, մենք կը հեռաձայնենք»:
Բարեկամի մը միջնորդութեամբ կը գտնեմ գործ մը: Իմ մասնագիտութիւնս չէ, սակայն անգործ մնալէն լաւ է: «Հոս Ամերիկա է,- կ՛ըսեն բարեկամներս,- ինչ որ գտնես, պիտի աշխատիս»: Եւ կ՛աշխատիմ: Գործ չէ, տաժանակիր աշխատանք է: Գործէն տուն կու գամ յոգնութենէս ջարդուած մարմնով: Անհամբեր սպասուած օրը` ուրբաթը կը հասնի: Ուրախ եմ, որ նախ պիտի վճարուիմ եւ երկու օր հանգիստ պիտի ընեմ: Գործի աւարտին ամէն մարդ կը ստանայ իր չեքը: Հաշուապահուհին քովէս կ՛անցնի ու կարծես կ՛անտեսէ: Արդեօք մոռցա՞ւ զիս: Ամչնալով գրասենեակը կը մտնեմ: Հեռաձայնով կը խօսի, նոյնիսկ իմ կողմս չի նայիր: Կեղծ հազով մը իր ուշադրութիւնը կ՛ուզեմ գրաւել. ապա, վերջապէս. «Ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար ըլլալ», կը բարեհաճի խօսիլ: «Շատ կը ներէք, սակայն իմ չեքս մոռցաք տալու», կը կմկմամ: «Դուն այս շաբաթ սկսար,- կ՛ըլլայ պատասխանը.- մէկ շաբթական մէջը կը պահենք, գալ ուրբաթ` ամենայն սիրով»: Գլխիկոր դուրս կ՛ելլեմ: Շաբաթ մըն ալ կ՛անցնի: Դարձեալ չեքերու տրցակը կու գայ մեր կողմը: Բարեբախտաբար այս անգամ չի մոռնար զիս: Ամէնուն առջեւ չտեսի պէս չեմ ուզեր բանալ պահարանը: Անկիւն մը կ՛երթամ, եւ հազիւ բացած` աչքերուս չեմ հաւատար: Խոստացուած գումարէն շատ պակաս: Դարձեալ գրասենեակին մէջն եմ: «Հիմա ի՛նչ» կ՛ըլլայ առաջին հարցումը: Չեքս ցոյց կու տամ. «Սխալմունք մը կայ, շատ ներողութիւն: Ինծի այսքան տոլար խոստացուած էր, սակայն…»: Մէկ չեքին կը նայի մէկ ինծի: «Սխալ բան չկայ, ամէն ինչ ճիշդ հաշուած եմ», եւ ցոյց կու տայ զեղչած տուրքերուն գումարը: Յուսախաբութիւն: Ամբողջ շաբթուան չարչարանքիս արդիւնքը ա՞յս է միայն:
Մինչ այդ կը շարունակեմ իմ մասնագիտութեանս վերաբերող գործի փնտռտուքները: Ամերիկայի մէջ բնաւ կարեւոր չէ` ի՛նչ գիտես: Կարեւորը` ո՛վ գիտես, իսկ ես…
Ամիս մը ետք բարեկամ մը, որուն հետ նոյն մասնագիտութիւնը ունինք, կը հեռաձայնէ աւետելու, թէ իր աշխատած ընկերութիւնը պէտք ունի անձի մը, սակայն իբրեւ սկսնակ` նուազագոյն սակի վճարումով: «Կարեւորը մէյ մը ոտքդ տեղ դնելն է, վերջը Աստուած մեծ է»: Կ՛ընդունիմ, որ Աստուած մեծ է, սակայն երկար տարիներու փորձառութիւնս մէկ կողմ նետած` սկսնակի նման աշխատիլ ինչպէ՞ս ընդունիմ: Ստիպուած` կ՛ընդունիմ: Գործատեղին բնակավայրէս բաւական հեռու է: Ճամբաներուն անծանօթ եմ: Մէկ օր առաջ բարեկամիս հետ միասին կ՛երթանք աշխատավայրը, որպէսզի ճամբաները սորվիմ ու չկորսուիմ: Շատ պատահած է, որ մարդիկ արեւելք երթալու` արեւմուտք գացած են: Լիբանան, մինչեւ քաղաքացիական պատերազմը, ո՞վ լսած էր «արեւելքն» ու «արեւմուտքը»: Պատերազմը պատճառ հանդիսացաւ, որ նոր մակդիրներով զատորոշեն «արեւելեան» եւ «արեւմտեան» Պէյրութները:
Նախկին գործատիրոջս ամչնալով կը յայտնեմ, թէ այլեւս պիտի չկարենամ աշխատիլ իր մօտ եւ առաջին շաբթուան չգանձած չեքս ալ ստանալով` կը մեկնիմ:
Անհանգիստ գիշեր մը կ՛անցընեմ: Անկապ երազներ իրարու կը յաջորդեն:
Երկուշաբթի է: Տակաւին արեւը չծագած` ճամբայ կ՛ելլեմ տունէն ու առանց կորսուելու` կը հասնիմ նոր գործատեղիս, սկսելիք ժամէս մօտ մէկ ժամ կանուխ: Համբերութեամբ կը սպասեմ, մինչեւ որ կամաց կամաց կառատունը կը լեցուի ինքնաշարժներով, եւ կը տեսնեմ բարեկամիս ժամանումը, որ պահապան հրեշտակի մը պէս կ՛ընկերակցի ինծի ու կը մտնենք ներս: Կը ծանօթացնէ վերակացուին: «Անո՞ւնդ»: «Պօղոս»: «Ներողութի՞ւն»: Դարձեալ կը կրկնեմ, սակայն իրեն համար դժուար ու անհասկնալի անուն մըն է: Մինչեւ այդ վայրկեանը բնաւ նկատի չէի առած, թէ անգլերէնի մէջ «Ղ» գիրը գոյութիւն չունի եւ խեղճ ամերիկացին կոկորդը պատռելով կը փորձէ ճիշդ հնչել անունս, սակայն ապարդիւն: «Փոլ» կը միջամտէ բարեկամս, եւ այդ վայրկեանէն արդէն ակամայ մկրտուած եմ նոր անունովս… Փոլ (օտարներուն համար):
Տարիները իրարու կը յաջորդեն: Քանի մը ամսուան մէջ «սկսնակ» տիտղոսս վերցուած է, «վարպետ»-ներու շարքին եմ, սակայն աշխատավարձս մեծ յաւելում մը չէ արձանագրած: Տեղացիք գիտեն օգտագործել «օտար»-ները: Բարեկամիս խրատներուն կը հետեւիմ ու յաճախակի գործատեղի կը փոխեմ աւելի լաւ աշխատավարձով: Ամերիկայի մէջ գործ կամ գործատեղի փոխելը շապիկ փոխելու համազօր է: Օր մը գործի կ՛երթաս եւ առանց պատճառի քեզ տուն կը ճամբեն: «Գործերը թեթեւ են, երբ որ լաւանան, ետ կը կանչենք»: Բոլոր գործատէրերն ալ թութակի պէս նոյն խօսքը կը կրկնեն: Բարեբախտաբար մասնագիտութիւնս փնտռուած է, եւ դժուար չ՛ըլլար նոր գործ մը գտնելը:
Իրականութեան մէջ շատ մեծ տարբերութիւն չկայ շատ կամ քիչ շահողին միջեւ, քանի վերջաւորութեան մեծ բան մը պիտի չմնայ ձեռքդ: Ընտանեկան բարեկամ մը, որ երկար տարիներ առաջ հաստատուած էր Ամերիկա, նոր հասած ժամանակս պզտիկ օրինակով մը բաղդատական մը ըրած էր Ամերիկայի եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ, որ տակաւին չէր քայքայուած: «Խորհրդային Միութեան մէջ ունեցած կովդ ձեռքէդ կ՛առնեն ու գաւաթ մը կաթ կու տան քեզի, իսկ Ամերիկայի մէջ կովը ձեռքէդ չեն առներ, սակայն այնքան տուրք կ՛առնեն, որ գաւաթ մը կաթ կը մնայ ձեռքդ»: Պետական տուրք, նահանգային տուրք, կալուածային տուրք, ապրանք գնած ժամանակդ տուրք, ծախած ժամանակդ տուրք, բժշկական ապահովագրութիւն, ինքնաշարժներու ապահովագրութիւն, անգործութեան ապահովագրութիւն, կեանքի ապահովագրութիւն, վերջաւորութեան լման կովէն քեզի կը մնայ… գաւաթ մը կաթ: Դժբախտաբար այս գումարներուն մեծ մասը կը ղրկուին Թուրքիա, Իսրայէլ եւ այլ դաշնակից երկիրներ, կամ աւելի նուաստացուցիչը` յանուն «ժողովրդավարութեան» երկիրներ քանդելու, ապա իրենց իսկ քանդած երկրին անմեղ բնակչութեան մէկ մասը ընդունելու համար Ամերիկա` իբրեւ քաղաքական ապաստանեալ:
Ամերիկայի մէջ «տոլարի ծառ» գոյութիւն չունի:
Լոս Անճելըս, 2014

