Երիտասարդական Ոսպնեակ. Պատի՛ւ Նահատակաց Յուշարձանին Պարծա՛նք Լիբանանահայութեան (6 Մայիս 1916)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Մեզի` լիբանանահայերուս պատեհ առի՞թ կը պակսէր յայտնելու մեր խորին ակնածանքը Լիբանանին, որ դար մը առաջ եւ առանց երկմտանքի հիւրընկալած էր Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր մեծ հայրերն ու մայրերը` գէթ վերապրելու յոյսի մը նշոյլ ընձեռելով:
Եւ կամ երբեւէ տասնամեակներ շարունակ պատշաճօրէն չե՞նք արժեւորած յարգելի յիշատակը լիբանանցի մտաւորականներու եւ գրողներու, որոնք զոհն են դարձեր թրքութեան եւ անոր բարբարոս վերաբերումներուն:
Այլ խօսքով, լիբանանահայը նուա՞զ արիւն, քրտինք ու հոգի է շաղախած այս հողին, ապրելու եւ ապրեցնելու համար տարօրինակ այս երկիրը:
Իրերայաջորդ սերունդներու ներդրումը` կերտելու համար արդի ու ապահով Լիբանանը, շէն ու պայծառ երկինք ունենալու երազը, ապահով եւ անվտանգ գոյատեւելու հաւատքն ու մօտեցումը, ամէն պատուհասէ ետք վերաշինելու վճռակամութիւնն ու պատրաստակամութիւնը քի՞չ երեւոյթներ են, չըսելու համար ցեղային առանձնայատկութիւններ, որոնցմով միշտ ալ հպարտացած ենք ազգովին:
Կը բաւէ յիշել ժամանակակից Լիբանանի պատմութեան վերջին տասնամեակները, երբ եղբայրասպան թէ այլ պիտակաւորումներ ստացած վատոգի եւ անհեռանկար կռիւներու եւ պատերազմներու ընթացքին` լիբանանահայութիւնը կը ցուցաբերէր պանծալի կեցուածք ու յանդուգն որոշում, պահելու եւ պահպանելու Լիբանանի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, ազատութիւնն ու բարօրութիւնը:
Արդարեւ, ինչպիսի՛ բացատրութիւն տալ լիբանանահայութեան այն խիզախ կեցուածքին, մօտեցումին եւ ըմբռնումին` Մեծ եղեռնի յիշատակութեան 99¬րդ ամեակի այս օրերուն կրկի՛ն հաւաքուելու Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ եւ ոգեկոչելու մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակը:
Թէ ինչո՛ւ նման մատնանշում կը կատարուի յայտնապէս այս օրերուն, պարզապէս բացայայտելու իրողութիւն մը, թէ արդեօք, այսպէս ասած տարբերակումներ պէ՞տք է ըլլան, եւ կամ մեկնաբանումներ ամէն պատեհ առիթի, որպէսզի ժողովրդավարութիւն հասկացողութեան հմայքը ապրինք հաւաքաբար, թէկուզ նահատակներու արեան թէ ազգային արժէքներու ոտնակոխման հաշուոյն:
Աւանդաբար, ժողովուրդներու կեանքին մէջ երբ դէմքի մը, դէպքի թէ պատմական որոշակի եղելութեան հետ առնչուած որեւէ հաստատում, արժեւորում կամ նախաձեռնութիւն կը կատարուի, ատիկա չի կրնար ժամանակի թաւալքին հետ նաեւ ազդեցութիւններու ենթակայ եւ կամ իմաստազրկումի թիրախ դառնալ, յաչս քաղաքական թէ տնտեսական ապաբարոյ ու սին նկատառումներու:
Զարմանալին այն է, գէթ լիբանանցի ժողովուրդին պարագային, որ հակառակ իր մայրաքաղաքի սրտին կանգնեցուած յուշակոթողին գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւնը կ՛ապրի, սակայն միշտ չէ, որ անոր խորհուրդին եւ իմաստին ամբողջական հասկացողութիւններուն տէր կը կանգնի, հաւաքական յիշողութեան թէ պատմական իրողութիւններու հրայրքին ընդառաջ` իր ներկայի թէ ապագայի ընելիքներուն մասին որոշակի պատկերացումներ կը սնուցանէ, այլապէս հայրենակերտումի թէ պետականաշինութեան գործընթացի որդեգրման հեռանկարով:
Լիբանանի թէ անոր վերջին հարիւրամեայ պատմութեան թաւալքը շատ աւելին կ՛ուսուցանէ, երբ Օսմանեան թրքութեան գործած ջարդերուն թէ գաղութարար հակազգային վերաբերումներուն լաւապէս ծանօթ նոյնինքն լիբանանցին, պէս¬պէս հաշուարկներու թէ քաղաքական տարբեր ենթակայութիւններու յանձնուած` արդէն տակաւ մոռացութեան դէմ յանդիման, ցոյց կու տայ նաեւ ուրացումի դիպաշարեր, նախնեաց տառապանքին ու ահաւոր չարչարանքին հանդէպ խուլ ու կոյր կեցուածք դրսեւորելով:
Եւ հոս է, որ երկու ժողովուրդներու հասարակաց անցեալի թշնամին` այս պարագային զազիր թուրքը, կը ներկայացուի իբրեւ բարեգութ եւ կարեկցանքով լիառատ բարեմասնութեան տէր, հակառակ անոր ցուցաբերած աշխարհաքաղաքական թշնամական վարքագծին:
Ճիշդ է, որ անցեալի դէպքերն ու իրադարձութիւնները պէտք չէ արգելք հանդիսանան ժողովուրդի մը յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման, բարօր ու անվտանգ կեանքի մը ձեւաւորման, այդուհանդերձ, պատմութեան իսկ վկայութեամբ, ազգերու եւ հայրենիքներու ապահով ու անարգել գոյատեւումը բացառապէս կախեալ է տուեալ ժողովուրդի մը քաղաքական հասունութենէն, ազգային ըմբռնումներուն կառչածութենէն, մանաւա՛նդ անցեալի խոր իմացութեան, ինքնաճանաչողական մակարդակէն եւ հայրենասիրական զգացողութեան վառ դրսեւորումներէն:
Այս առումով, լիբանանահայութիւնը պարտաւոր է քայլ մը անդին անցնելու, իր քաղաքական կեանքին տալու է արժանահաւատ կեցուածքի մը արտայայտութիւնը, պարզապէս յեղաշրջելու առկայ եւ վաղեմի ժամանակներէն ի գործ դրուած աշխատանքային դրոյթները, աւելի համարձակ եւ ուժական ներկայութեամբ փաստարկելու թրքական թափանցումներու հեռակայ անդրադարձն ու հետեւանքային տարողութիւնը:
Կրկնութեան գնով յիշեցնենք, որ միթէ ժամանակը չէ՞ հասած ունենալու այն կառոյցն ու ուսումնասիրական հաստատութիւնը, որ կեանքի պէտք է կոչուի ամբողջ լիբանանահայութեան նիւթական թէ բարոյական աջակցութեամբ, որուն անմիջական աշխատանքի դաշտը պիտի ընդգրկէ թրքութեան խեղաթիւրուած քարոզչութիւններուն դէմ դնելու կարողականութիւն եւ համակարգուած գործունէութիւն:
Փաստօրէն, լիբանանահայութիւնը ապրիլեան ոգեկոչումներու թէ քայլարշաւներու ընդմէջէն իր ցասումն ու ընդվզում կ՛արտայայտէ, եւ եզակի օրինակը կը հանդիսանայ` ոչ միայն իր իրաւունքներու պաշտպանութեան թէ հաւաքական յիշողութեան վառ պահպանման, այլ նաեւ` համաքաղաքացի հասարակութեան մօտ ստեղծելու այն յարգանքն ու պատկառանքը, թէ ժողովուրդներ պարտաւո՛ր են իրենց անցեալի պատմութեան տիրութիւն ընել եւ անով հունաւորել ներկայ թէ ապագայի կեանքը:
Այս առումով, դիպուկ են լիբանանցի բազմաթիւ քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու, փորձագէտներու թէ լրագրողներու այն հաստատումները, ի տես լիբանանահայութեան կազմակերպած վերջին քայլարշաւին` դէպի Պէյրութի Նահատակաց յուշարձան, թէ` «լիբանանցին շատ դասեր ունի քաղելիք լիբանանահայութենէն, որուն մէկ վճռական ու քաղաքակիրթ արտայայտութեան մենք ականատես եղանք ապրիլ 23¬ին»:
Անոնք նաեւ միահամուռ նշեցին, թէ` «լիբանանահայութիւնը` կառչած իր իրաւունքներուն թէ պատմութեան, անգամ մը եւս եկաւ մեզի` լիբանանցիներուս յիշեցնելու, թէ Նահատակաց յուշարձանը սոսկ քարեղէն կառոյց մը չէ, այլ այն մեծագոյն յուշարարը, որուն շուրջ պէտք է բոլորուինք, յանուն իրաւ ազատութեան ու անկախութեան»:
Իսկ նման առողջ ու պայծառ մտածողութեան զարգացման համար աւելի քան էական է ստեղծել Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանի համալիբանանեան պատուանդանը, որ հիմքը պիտի դառնայ գալիք սերունդներու դաստիարակութեան եւ առանձնաբար ղօղանջէ բոլորի սրտին ու մտքին մէջ, անդադար:
Ինչպէս մի՛շտ, նաեւ այսօ՛ր այդ պատուաբեր նախաձեռնութեան եւ ոգեկան բարձրութեան գիտակից յառաջամարտիկն է լիբանանահայութիւնը:

