Նամականի

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Ե՞րբ պիտի փշաքաղուինք հայու գիտակից կեցուածքին դիմաց:

23 ապրիլ 2014. Նահատակաց հրապարակ:

Հոծ բազմութիւն: 1915-ի ջարդերէն վերապրողներու թոռներ:

Խաւարին մէջ օտար աչքեր կը դիտեն մեզ. կը լսեն:

Ձայն, իրարանցում, անբնական եռուզեռ:

– Հէ՜յ, դո՞ւն ալ եկեր ես (ինչո՞ւ ոչ, հայ չէ՞):

Կին մը կռիւի մէջ է ձեռքի բջիջայինին հետ, պոռալով` քովի ընկերուհիին կ՛ըսէ.

– Նկարեցի. ղրկեցի, ինչո՞ւ connect չըրաւ:

Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան տասն անգամ կրկնեց:

Սիրասուն օրիորդ մը` երիտասարդի մը փաթթուելով.

– Քեզի համար եկայ… (ապրիլ 23 ըլլալէն լուր չունի թերեւս):

Ուրիշ մը, ընկերոջը` «Գնա՛, պաչիկ մը ըրէ՛, հաշտուէ՛»:

Խումբ մը տղաք ծալապատիկ գետինը նստած` կը խօսէին ու կը մարէին խնդալէն…

Ուրիշ մը գործի, դրամի մասին խօսեցաւ ժամ մը:

Ուրիշներ գացին, եկան, գացի՛ն, եկա՛ն…

Կեդրոնացած` բանախօսները մտիկ ընող չկար, իմ ալ կեդրոնացումս շատո՜նց չքացած էր. բջիջային չեմ գործածեր, որպէսզի կարենայի ձայնագրել խօսակցութիւնները, ականջիս մէկը իրենց է, միւսը` խօսողին. կարելի եղած չափով կը հետեւէի բանախօսին, եւ շուրջս եղածներէն ո՛ր մէկը միտքս պիտի պահեմ` կը մտածէի:

Որմէ ի՞նչ կը պահանջենք, երբ տեղւոյն վրայ գիտակից, յանձնառու կեցուածք չկայ, մինչեւ իսկ` միութենական տղոց մօտ:

* * *

Սարդարապատը ձայնեզրի վրայ:

Ժողովուրդը փոխանակ միաձայն երգելու, բարձրախօսները գոռացին, ներկաները ուրիշ բանով զբաղած էին, քանի մը հոգիին ձայնն ալ կորսուեցաւ այդ ժխորին մէջ: Ամէնէն վերջը սպասածս եղաւ. մոմերը եւ ջուրի պարապ շիշերը ցիր ու ցան գետինն էին: Մօտեցայ երիտասարդի մը եւ համարձակեցայ ըսել` «Հոս աղբաման չէ»:

– «Ես չեմ, տիկին, ես չեմ, տիկին», ըսաւ իրար անցած ու ծռելով հաւաքեց, ես ալ ուրիշին նետած պարապ շիշերը հաւաքեցի մօտակայ մզկիթին առջեւ գտնուող աղբամանը նետելու համար:

Բնաւ մտածող չկայ, որ յաջորդ օրը աղբահաւաքէն սկսեալ մինչեւ տեղացի ժողովուրդը մեր ետեւէն «այս հայերն ալ…», պիտի ըսեն:

Սպասելի էր, որ բանակի կարգապահութեամբ, լուռ շարքերով ժողովուրդը տեղաւորուէր ու համբերէր` հետեւելով, մտիկ ընելով, երգելով հայու արժանապատիւ արժանիքները ցուցաբերելով:

Նախ մեր անձէն պահանջատէր ըլլանք, որպէսզի ճակատաբաց մեր իրաւունքները պահանջենք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES