ՀՄԸՄ Լիբանանի Սկաուտները Կ՛ոգեկոչեն Եղեռնի Նահատակներու Յիշատակը

2304hm1-(1)ՀՄԸՄ Լիբանանի սկաուտները, Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հովանաւորութեամբ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն:

Չորեքշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան, 50-է աւելի խմբապետներ ներկայացնելով ՀՄԸՄ Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերը`  հաւաքուեցան Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց եւ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ՀՄԸՄ Լիբանանի ընտանիքի անունով ծաղկեպսակ եւ  ծաղիկներ զետեղեցին` առ ի յարգանք Ցեղասպանութեան նահատակներուն:

Ապա ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային խորհուրդի ատենապետ Ալին Քեչեպաշեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Տարիներէ ի վեր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտութեան համար աւանդութիւն դարձած է Պիքֆայայի յուշարձանին շուրջ հսկումի մասնակցիլ ապրիլ 23-ի երեկոյեան` մատուցելու համար մեր յարգանքի տուրքը, ծաղկեպսակ զետեղելով, Եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներու անթառամ յիշատակին:

«Մենք` զոհուածներու յաջորդող սերունդներ, տարիներ շարունակ պահեցինք այս աւանդութիւնը, հաւատալով, որ օր մը, հոգ չէ թէ` ուշ, թուրքը պիտի ընդունի իր յանցանքը եւ կրէ անոր հետեւանքները, սակայն տակաւին հայը կը մնայ սպասման վիճակի մէջ, իսկ  թուրքը` անպատիժ: Աւելի՛ն. ան կը շարունակէ իր գործը` այս անգամ Քեսապի մէջ թալանելով, կողոպտելով, աւերելով, քանդելով, սպաննելով անմարդկային ձեւերով, տէրը դառնալով հայերու ինչքերուն եւ տեղահան ընելով զանոնք:

2304hm1-(2)«Ժամանակին օգտուած է Ա. Համաշխարհային պատերազմէն` իսկ այժմ Սուրիոյ պատերազմէն` շարունակելու համար իր պապերուն կտակը: Ուրեմն թուրքը նոյն թուրքն է, ֆեսով ըլլայ ան թէ գլխարկով, շալվարով ըլլայ թէ տաբատով, թէկուզ 100 տարի անցնի…

«Թէեւ ապրիլ 24-ը պահանջատիրութեան օր էր ու ա՛լ սգատօն ըլլալէ դադրած, սակայն այս տարի կարելի է դարձեալ սգատօն համարել, որովհետեւ Քեսապի հայութիւնը գարնան առաջին օրը` մարտ 21-ին արթնցաւ ապրելով 1915-ի նոյն պայմանները:

«Բայց սիրելիներ, պիտի չտկարանանք, պիտի չյուսալքուինք ու պիտի չմոռնանք մեր Դատը, այլ աւելի՛ն, պիտի ամրապնդուինք ու փոխանցենք զայն ամենափոքր մոկլիէն ամենամեծ երէցին, պարզ տարազաւորէն` բարձրաստիճան խմբապետին, պայքարելով տիրանալու համար մեր պապենական ամբողջական եւ միացեալ հողերուն` հայրենիքին»:

Ապա «Յառաջ, նահատակ» քայլերգելով սկաուտները միասնաբար ուխտեցին վառ պահել Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը եւ Ցեղասպանութենէն փրկուողներու կամքով շարունակել իրենց երթը` մինչեւ յաղթանակ, մինչեւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու տիրացում:

Share this Article
CATEGORIES