Վարձքերնիդ Կատար

2604zvaՍուրբ Զատկուան տօնին առթիւ «Զուարթնոց»-ի մեծ ընտանիքը այցելեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի:

Օշին քհնյ. Գէորգեան փոխանցեց Սուրբ Յարութեան խորհուրդը, եւ աշակերտները ստացան սուրբ հաղորդութիւնը:

Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ խումբը նաեւ այցելած էր Սուրբ Սարգիս եկեղեցի` ստանալով նաեւ սուրբ հաղորդութիւնը տէր Յակոբ քահանայի ձեռամբ:

«Զուարթնոց»-ին համար սովորութիւն է ամէն տարի երկու անգամ աշակերտներուն հաղորդութիւն տալ:

Թող Տէր Աստուած օրհնէ եւ պահէ բոլոր անոնք, որոնք «Զուարթնոց»-ին նեցուկ կանգնած են եւ կը շարունակեն կանգնիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES