99-Ամեակ. Հսկում Եւ Ծոմապահութիւն

2204Aved22 ապրիլ 2014-ը Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտութեան համար արձակուրդային օր էր, սակայն տարօրինակ եռուզեռ մը նշմարելի էր շրջափակին մէջ: 14 աշակերտներ, առաջնորդութեամբ իրենց ուսուցիչին, ցուցատախտակներ կը պատրաստէին եւ բակին մէկ անկիւնը սահմաններով կը մեկուսացնէին:

Ի պատասխան մեր հետաքրքրութեան`  աշակերտուհի մը բացատրեց, թէ իրենք` 9-11-րդ դասարանի խումբ մը աշակերտներ, որոշած են կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ կէս գիշեր ծոմապահութեամբ ոգեկոչել Հայոց  ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը` հաւաքին բնաբան ունենալով «Մեր երթը դեռ նոր կը սկսի» խօսքը:

Յաճախակի այցելութիւններով հետեւեցանք եզակի այս նախաձեռնութեան, այն պարզ հետաքրքրութեամբ, թէ արդեօ՞ք սոսկ պատանեկան, կարճատեւ փորձ մըն է, թէ՞ գիտակից յանձնառութիւն: Երեկոյեան իրենց ընկերակցող  Արմէն Իւրնէշլեան վստահեցուց, թէ շատեր նոյնիսկ մերժած են խմել ժամը 5:00-ին իրենց հրամցուած գաւաթ մը ջուրը:

Սակայն հաւաքը ծոմապահութենէն աւելին էր: Հայկազեանի հայ եւ օտար աշակերտներ, «Ծիածան» մանկամսուրի ծնողներ, նուիրատուութեան փոխարէն, ծաղիկներ կը գնէին ու կը զետեղէին ձեռակերտ խաչքարին առջեւ: Հաւաքուած գումարը պիտի յատկացուէր Քեսապի գաղթականներուն: Ի դէպ, իմացանք, թէ Քեսապի հարցին առաջին իսկ օրերուն դպրոցի Հայկական ակումբին նախաձեռնութեամբ (այս հսկում-ծոմապահութիւնն ալ իրենց կազմակերպածն էր), աշակերտներէն ու դպրոցին անձնակազմէն գոյացած գումար մը արդէն փոխանցուած է Լաթաքիա` առանց շեփորի ու թմբուկի:

Պատրաստուած ցուցատախտակներէն մեր ուշադրութիւնը առաւելաբար գրաւեց քարտէս մը: Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ քարտէսին վրայ նշուած էին մեր բոլոր մեծ ու փոքր քաղաքները, ուր աշակերտներ եւ հայ այցելուներ իրենց մատնահետքերը կը դրոշմէին իրենց նախնեաց հայրենի քաղաքին մօտ. խօսուն էր բնաբանը. «Մեր ինքնութիւնը մեր հողերէն անբաժանելի է»:

Երեկոյեան սկսաւ հսկումը: Աստուածաշնչային ընթերցում ու հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց վեր. Հրայր Չոլաքեան, իսկ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան տուաւ պատգամ մը: Աշակերտներ կատարեցին իրենց պատրաստած ընթերցումները, զոյգ մը մեկնաբանեց «Կիլիկիա»-ն, ապա իւրաքանչիւրը բաժնեկցեցաւ իր միտքերն ու զգացումները օրուան խորհուրդին ու ընդհանրապէս հայ պատանիին ընելիքին մասին:

Ա. Իւրնէշլեան փակեց հսկումը` մատնանշելով, որ ցաւը մղիչ ուժի կը վերածուի, ցաւէն կը ծնի յոյսը, յոյսէն` պայքարը: Ծոմապահութեամբ աշակերտները ապրեցան իրենց նախնիներուն ցաւին նուազագոյնը, բայց իրենց մարմնին վրայ զգացին այդ. Հայ դատը իրենց համար այլեւս անձնական հարցի պիտի վերածուի: Աւարտեցաւ հսկումը, բայց ծոմապահութիւնը պիտի շարունակուէր մինչեւ կէս գիշեր:

Բաժնուեցանք հայորդիներու այս «բանակէն»` մաղթելով, որ իրենց նախաձեռնութիւնը կը դառնայ վարակիչ եւ օրինակ կը ծառայէ բոլոր դպրոցներուն: Բաժնուեցանք իրենցմէ` հաւատալով նոր սերունդին, հաւատալով անոնց «նոր սկսող երթին» յարատեւումին:

ԱՅՑԵԼՈՒ     

Share this Article
CATEGORIES