Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. «99 Տարի… Կը Յիշենք… Կը Պահանջենք» Ձեռնարկ
Ուրբաթ, 25 ապրիլ 2014-ին, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ կայացաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին կազմակերպած «99 տարի… կը յիշենք… կը պահանջենք» ձեռնարկը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, քոլեճի խնամակալութեան, Տիկնանց յանձնախումբի ու Շրջանաւարտից միութեան անդամներու, ուսուցիչներու, բարեկամներու, ծնողներու եւ շրջանաւարտներու:
Բացման խօսքը կատարեց քոլեճի հայոց լեզուի դասատու եւ համադրող Թալին Օրտողլեան, որ իր շեշտը դրաւ Օսմանեան կայսրութեան արձակած այն դաւադիր վճիռին, որուն զոհը դարձաւ հայ ժողովուրդը` իր բոլոր խաւերով, տեղահանուելով իր պապենական հողերէն ու ջարդուելով Տէր Զօրի աւազներուն վրայ: Ապա ան անդրադարձաւ 99 տարիներէ իր հայրենիքէն հեռու ապրող սփիւռքահայու` հայրենիքին հանդէպ ունեցած կարօտին, որ չի յագենար, այնքան ատեն որ իր հայրենիքը կը շարունակէ բռնագրաւուած մնալ, մինչ ցեղասպանը կը շարունակէ իր ուրացումի քաղաքականութիւնը, շեշտելով, թէ նոր օրերու Թուրքիան ո՛չ միայն կ՛ուրանայ օսմանցի իր նախահայրերուն ոճիրը, այլեւ կը շարունակէ անոնց ճամբան` մէկ կողմէ Թուրքիոյ մէջ շարունակելով մշակութային եղեռնը, իսկ միւս կողմէ` ճիւաղային դաւեր սարքելով Քեսապի մէջ:
Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճը իր աշակերտութեամբ կու գայ այսօր իր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն, որոնց միակ մխիթարութիւնը այն է, որ հակառակ 99 տարիներուն, իրենց շառաւիղները` մենք, վար չենք առած պահանջատիրութեան դրօշը եւ պիտի չառնենք զայն մինչեւ ճանաչում եւ արդար հատուցում` մեր պահանջներուն եւ Դատին»:
Քոլեճի նախակրթարանի երգչախումբը, խմբավարութեամբ քոլեճի երգի դասատու Գայեանէ Մարկոսեանի, մեկնաբանեց` «Ատանայի ողբը», «Կռունկ» եւ «Նոր Հայաստան» երգերը, Թամար Բախտիկեան ասմունքեց Մ. Իշխանի «Մայր եմ խելագար» բանաստեղծական կտորը, որմէ ետք Հենրի Իշխանեան դաշնակի վրայ նուագեց Առնօ Բաբաջանեանի «Expromt» երաժշտական կտորը:
Խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին պար մը` պատրաստուած քոլեճի պարի դասատու Անի Կոստանեանին կողմէ, ապա Աւօ Մարտիրոսեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Մօր մը երազը» բանաստեղծութիւնը:
Քոլեճին թատերական խմբակը ստուերներու ու ձայնագրուած ասմունքներու ընդմէջէն ներկայացուց հայ ժողովուրդի տառապանքն ու մարտունակ ոգին` բեմադրութեամբ քոլեճի թատրոնի դասատու Յասմիկ Պերթիզլեանի: Նշենք, թէ ներկայացումը իր իւրայատուկ բնոյթով մեծ տպաւորութիւն ձգեց ներկաներուն վրայ:
Գեղարուեստական բաժնի աւարտին խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ հայ ժողովուրդը 99 տարիներ ետք կը շարունակէ իր պահանջատիրական երթը` նոյն ոգիով, աւելցնելով, թէ Հայ դատը կը մեռնի այն ատեն, երբ հայորդիներ կը հրաժարին իրենց մայրենիէն, երբ կը գերադասեն օտար վարժարանը, օտար մշակոյթն ու բարքերը` անտեսելով սեփականը, երբ մարդիկ մտածեն, թէ այսօրուան Թուրքիան մեղք չունի Ցեղասպանութեան մէջ, ու զբօսնուն Թուրքիոյ մէջ կամ վաճառականական կապեր հաստատեն` աժանութիւն պատրուակելով: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ թրքական հաղորդաշարերուն, որոնք համակրանք ու թրքական բարքեր կը տարածեն հայկական տուներուն մէջ, ու աւելցուց, թէ կարելի չէ ներել թուրքին, որ չբաւարարուելով Եղեռնով ու Սումկայիթով` առաջին առիթին իսկ բացաւ իր սահմանները ծայրայեղականներու առջեւ, որ գրաւեն Քեսապը, անգամ մը եւս տեղահան ընելով հայ խաղաղ բնակչութիւնը:
Զ. Ղազարեան խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Եկէ՛ք` երդուինք, որ օտարինը սորվելով հանդերձ, պիտի կառչինք հայկականին, առօրեան ապրելով հանդերձ, պիտի փարինք ազգայինին, հանգիստ կեանք փնտռելով հանդերձ, պիտի պայքարինք մեր իրաւունքներուն ու մեր Դատի յաղթանակին համար, մեր հայրենիքին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման համար»:
Հանդիսութեան աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ հայ ժողովուրդը ամէն ապրիլ 24-ին կը հաւաքուի յիշելու համար այն մեծ ոճիրը, որ տեղի ունեցաւ քաղաքակիրթ աշխարհի աչքերուն առջեւ, եւ որուն ընթացքին հայ ժողովուրդը անօգնական ու անպատսպար` կորսնցուց իր կեանքը եւ իր հայրենիքին մեծ մասը: Ան շեշտեց, թէ այդ օրը զոհերը սգալու եւ սակայն նաեւ հայրենիքով ոգեւորուելու օր է ու աւելցուց, թէ փառաւոր մշակոյթը այն փրկուած արժէքն է, որ հայը իրեն հետ կը կրէ աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ ու պատգամեց, որ հայ ժողովուրդը ի մի համախմբուի ուխտելու, որ պիտի տիրանայ իր հետապնդած նպատակներուն` այդ ձեւով վրէժը լուծելով իր կրած տառապանքին: Ան իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը իր կրօնը, լեզուն, իւրայատկութիւնները, բարքերն ու մշակոյթը պահած է, որովհետեւ առանց կասկածելու հաւատացած է իր Դատին, եւ աւելցուց, որ 100-ամեակի նախօրեակին պէտք է զինուիլ այս գիտակցութեամբ ու հաւատքով, որ նոր սերունդը իրեն բոլոր արժէքները պիտի տանի իր պատմական հողերուն վրայ, որպէսզի հայավայել կեանք հաստատէ իր նախնիներու բնօրրանին մէջ:
Ապա առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց ձեռնարկը կազմակերպողները եւ բոլոր անոնք, որոնք հայութեան կեանքին գործնապէս մասնակից են, եւ պատգամը եզրափակեց` ըսելով. «Աստուած մեզի տայ նոր խանդ ու ամրացնէ մեզ մեր աննահանջ հաւատքին ու յոյսին մէջ: Աստուած անոնց հետ է, որոնք իրենց կարողականութիւնը ի մի բերելով` կը ձգտին արդարութեան: Ուստի կ՛ուխտենք շարունակաբար ըլլալ պայքարի մը մէջ, որ ի վերջոյ պիտի հասցնէ մեզ մեր իրաւունքներուն»:
Նշենք, թէ քոլեճին աշակերտութիւնը ապրիլ ամսուան ձեռնարկներու ծիրին մէջ յաջորդաբար ունեցած էր` աշակերտական ձեռնարկներ, պատի թերթերու պատրաստութիւն, գծագրական մրցանք, քայլարշաւ դէպի մայրավանք, ինչպէս նաեւ այս առիթով պատրաստած էր ապարանջան մը` «Չե՛նք նահանջեր, կը նուաճե՛նք» գրութեամբ:

