Քասիաս Եւ Նատալ Բարեգործական Նպատակի Համար Մրցում Կատարեցին
Սպանացի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ եւ Ռէալ Մատրիտի ու Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային բերդապահ Իքեր Քասիաս միասին բարեգործական նպատակի համար մրցում մը կատարեցին:
«Բարեգործական օր» կոչուած այս ձեռնարկին մասնակցեցաւ նաեւ «Մութուա Մատրիտ Օփըն»-ը:
Հանրածանօթ մարդոցմէ կազմուած խումբերը խաղացին թենիս, ապա` ֆութպոլ:
Տոմսերու վաճառքէն հաւաքուած նիւթական հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Նատալի եւ Քասիասի հիմնադրամներուն կողմէ իրականացուելիք ծրագիրներուն:
CATEGORIES Մարզական

