Գանձասար Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Սերկէյ Փուչքով

Սերկէյ Փուչքով

Իր լուրը քաղելով Գանձասար Կապանի տնօրէն Վահան Դանիէլեանէն` ArmSport.am հաղորդեց, որ 52 տարեկան ուքրանացի մասնագէտ Սերկէյ Փուչքով նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ:

Ուքրանացին յատուկ հանդիպում մը ունենալով ակումբի թեքնիք տնօրէն Վլատիկ Առաքելեանի հետ, համաձայն գտնուեցաւ պաշտօնական պայմանագրութիւն մը ստորագրելու կապանեան ակումբին հետ:

Հայկական աղբիւրը նաեւ տեղեկացուց, որ երկկողմանի համաձայնութեամբ Փիւնիկ խզեց իր պայմանագրութիւնը բերդապահներու մարզիչ ռուս Ալեքսէյ Չիսթիաքովի հետ, որ իր այս պաշտօնը կը վարէր փետրուար 2013-էն:

Այժմ բերդապահներուն մարզիչն է Հայկ Կիրակոսեան:

Share this Article
CATEGORIES