ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ ՃԱՌԸ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՑՆԷ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՀՍԿԱՅ ԱԼԻՔ ՄԸ

Շաբաթ երեկոյեան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի պատկերասփռուած ճառին իբրեւ հակազդեցութիւն, լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ, յատկապէս` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ երեսփոխաններ արձանագրեցին շարք մը կեցուածքներ:

Միւս կողմէ, սակայն, այժմու իշխանամէտ քաղաքական ուժերուն զօրակցող քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները իրենց կարգին հաստատեցին սէյիտ Նասրալլայի յայտարարած կեցուածքներուն ճշգրտութիւնն ու տրամաբանական ըլլալու յատկանիշները` շեշտելով, որ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութիւնն ու անոր արձակած նախնական ամբաստանութիւնը քաղաքականացած են եւ կը ծառայեն ամերիկեան եւ իսրայէլեան շահերուն եւ ոչ թէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառներուն բացայայտումին:

Ստորեւ կ՛անդրադառնանք լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններուն թէ հոգեւոր պետերուն ունեցած հակազդեցութեանց եւ անոնց արտայայտած կեցուածքներուն:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Միջազգային դատական ատեանի պայքարին յաղթանակ արձանագրած է արդէն, որովհետեւ ան փաստած է, որ այդ ատեանը իր գործունէութեան եւ որոշումներուն մէջ քաղաքականացած է:

Զօր. Աուն նշեց, որ ի վերջոյ բանականութիւնը պիտի գերակշռէ նպատակաուղղուած ապատեղեկատուութեան:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ անկարելի է հաւատալ կամ վստահիլ այնպիսի ատեանի մը, որ այն կանխամտածումը ունի, թէ Հըզպալլա ահաբեկչական կուսակցութիւն է եւ պէտք է զայն պատժել:

Ան նկատել տուաւ, որ սիւննի-շիի բախումներուն հաւանականութեան պարագային անոնք ոչ մէկ տեղ կը հասցնեն, այլ` երկիրը հիմնայատակ կը կործանեն:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան` անդրադառնալով Միջազգային դատական ատեանին արձակած նախնական ամբաստանութեան, շեշտեց, որ այդ ատեանը հարիւր առ հարիւր քաղաքականացած է` աւելցնելով, որ նախնական ամբաստանութիւնը իր կարգին փաստած է, թէ անոր նպատակը երկրին մէջ քանդում եւ միջհամայնքային սադրանքներ ստեղծել է:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի նշեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը կազմուած է բացայայտելու համար նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառները: «Հետեւաբար, այդ ատեանին գործունէութիւնը իբրեւ քաղաքական բախումի նիւթ օգտագործելը կը վնասէ նահատակ վարչապետին յիշատակին», ընդգծեց միւֆթի Քապպանի:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ արձակուած նախնական ամբաստանութիւնը դատարկ փուչիկ մըն է, որուն պայթումը ոչ մէկ արձագանգ ձգած է եւ ոչ ոքի ուշադրութիւնը գրաւած:

Ռաատ ընդգծեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին իրենք հիմնական երկու առաքելութիւն ունին: Այդ առաքելութիւններն են` խուլ ականջ դարձնել կարգ մը խեղ    ճ լիբանանցիներու կողմէ արտայայտուելիք գրգռիչ կեցուածքներուն եւ ջանալ կառավարութեան կեանքը երկարել մինչեւ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ձերբակալուած եւ չորս տարուան արգելափակումէ ետք անպարտ հռչակուած ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ալի Հաժ շեշտեց, որ նախնական ամբաստանութիւնը պատրաստուած է եւ բանաձեւուած` նախքան վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը. ան աւելցուց, որ Միջազգային դատական ատեանը մեծ սուտ մըն է, որ հիմնուած է «Մեր նահատակներուն թափած արեան հետ խաղալ» խորագիրը կրող թատերախաղին վրայ:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք կոչ ուղղեց Հըզպալլայի նախարարներուն` կառավարութենէն հրաժարելու, մինչեւ Հարիրիի սպանութեան ճշմարտութեան բացայայտումը:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ սէյիտ Նասրալլա իր արտայայտած կեցուածքներուն մէջ միլիսական մօտեցում եւ մտայնութիւն ցուցաբերած է, երբ շեշտած է, թէ 300 տարի վերջ իսկ կարելի պիտի չըլլայ այդ ամբաստանեալները ձերբակալել:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Օքապ Սաքըր շեշտեց, որ լիբանանցիները կը գտնուին դարու ոճիրին առջեւ եւ անհրաժեշտ է Միջազգային դատական ատեանին որոշումը գործադրել. ան նկատել տուաւ, որ սէյիտ Նասրալլայի ներկայացուցած փաստերը Լիբանանը սադրանքներէ եւ լարուածութենէ զերծ պիտի չպահեն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES