«ՊՐԻՍԹՈԼ»Ի ՄԷՋ ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇԻՆՔԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՆԻՍՏ ՄԸ
Մարտ 14-ի քաղաքական դաշինքը երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ գումարեց ընդարձակ նիստ մը, որմէ բացակայեցան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ` ճամբորդութեան պատճառով:
Նիստին ներկայ գտնուեցան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներէն նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ:
Մէկուկէս ժամուան նիստին ընթացքին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը շեշտեցին, որ հարկ է գործադրել Միջազգային դատական ատեանին որոշումները, պէտք է յանձնառու մնալ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ջանք թափել տապալելու նորակազմ կառավարութիւնը:
Այս ծիրին մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ, որ ժողովրդային քայլերու դիմելու պարագային, այդ քայլերը պիտի ըլլան խաղաղ եւ ժողովրդավար:
Նիստէն ետք ժողովականներուն անունով հաղորդագրութիւնը կարդաց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, որ նշեց, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի աշխատին տապալելու կառավարութիւնը, եթէ վարչապետ Միքաթի յստակօրէն չյայտարարէ, թէ յանձնառու կը մնայ Միջազգային դատական ատեանի որոշումի գործադրութեան: Ժողովականները նաեւ որոշեցին միջազգային եւ շրջանային արշաւի մը ձեռնարկել` հակակշիռի տակ առնելու համար ապօրինի զէնքը: