ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՊԱԹՐՈՒՆԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ շաբաթավերջին հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Պաթրուն, ուր այցելեց եկեղեցիներն ու վանքերը` արժանանալով Պաթրունի բնակչութեան ջերմ ընդունելութեան եւ դիմաւորումին:
Մար Եուհաննա Մարուն վանքին մէջ իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց հողին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ոչ ոքի արտօնուած է տալ այնպիսի որոշումներ, որոնք կը յուսալքեն լիբանանցիները: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը կը յարգէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորէ անոնց ազգային սկզբունքները:
Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ Լիբանան կարիք ունի նոր մտայնութեան, նոր տեսլականներու եւ ժողովրդավարական բառամթերքի` նկատել տալով միաժամանակ, որ ոչ ոքի արտօնուած է ստանձնել լիբանանցիներուն ճակատագիրը:
Ան հաստատեց, որ մարոնի համայնքի պատրիարքին ուժը իր ժողովուրդն է` շեշտելով, որ Լիբանան ապահովական կայունութեան ազդակ մըն է: Ան մերժեց 8 եւ 14 մարտերու միջեւ երկփեղկուած Լիբանանի գոյութիւնը` կոչ ուղղելով երկխօսութեան ընդարձակ նիստ մը գումարելու` երկրին Ազգային ուխտէն մեկնելով: