«ՀԱՐԻՐԻԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՊԱԼԵԼՈՒ ԱՌՈՒՄՈՎ ՏՈՒԱԾ ՈՐՈՇՈՒՄԻՍ ՀԱՄԱՐ ԵՐԲԵՔ ՉԵՄ ԶՂՉԱՐ» Կ՛ԸՍԷ ԱՏՆԱՆ ՍԷՅԻՏ ՀԻՒՍԷՅՆ
Նախկին պետական նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն քաթարեան «Ռայա» օրաթերթին յայտնեց, որ ինք նախորդ կառավարութեան տապալման ժամանակ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը տեղեակ պահած է իր ներկայացնելիք հրաժարականին մասին` աւելցնելով, որ ինք երբեք չի զղչար նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութիւնը տապալելուն համար, որովհետեւ կառավարութենէն իր հրաժարականին նպատակն էր սիւննի եւ շիի համայնքներուն միջեւ լարուածութիւնը հանդարտեցնել:
Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն շեշտեց նաեւ, որ ինք կառավարութենէն հրաժարելով փափաքեցաւ նոր դուռ մը բանալ` նոր կառավարութեան կազմութեան առումով:
Անդրադառնալով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան` Սէյիտ Հիւսէյն յայտնեց, որ այդ կառավարութեան կազմին մէջ կան ազգային անձնաւորութիւններ եւ բարձր կարողութիւններ ունեցող պատասխանատուներ, որոնց կարելի չէ միագոյն անուանել:
Սէյիտ Հիւսէյն յաջողութիւն մաղթեց Միքաթիի կառավարութեան` շեշտելով, որ անիկա զանազան մարզերու մէջ յաջողութիւններ արձանագրելու նոր, խոստմնալից, սակայն միաժամանակ զգայուն հանգրուանի մը առջեւ կը գտնուի: