Ֆութսալ. Ասիոյ Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

0505quarter-finalՅաջորդաբար հինգերորդ անգամ ըլլալով (իսկ վեցերորդը` իր պատմութեան մէջ)` Լիբանանի տղոց ֆութսալի ազգային խումբը երէկ ապահովեց 2014-ի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն իր տոմսը, երբ 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Թայլանտի հետ:

Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք Լիբանան ունեցաւ 4 կէտ, մինչ Թայլանտ` 7: Մինչ անոնք երկուքը ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը, անդին Գ. խմբակին մաս կազմող Թայփէ եւ Մալեզիա դուրս մնացին մրցաշարքէն:

Share this Article
CATEGORIES