Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՁՈՒՈՐՆԵՐՈՒ հարցին հետապնդման խորհուրդը երէկ փակեց Համրայի ճամբան` իբրեւ բողոք վարձքերու նոր օրէնքին դէմ:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի երէկ հերքեց, թէ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ իր թեկնածութիւնը պիտի յայտարարէ հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին, գէթ առայժմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ եգիպտական դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեանց բերումով պիտի առկախէ մուտքի արտօնագիրի տուչութիւնը 15-էն 18 մայիս 2014-ին:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն երէկ վերահաստատեց համադաշնակցութեան զօրակցութիւնը պետական մարզի պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելման պահանջին` ընդգծելով, որ համադաշնակցութիւնը դէմ պիտի կանգնի բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն արգելակել ու խափանել աշխատաւորներու եւ սենտիքայական պահանջներու շարժումները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ կուսակցութեան ելեկտրոնային «Անպա» կայքին կատարած իր յայտարարութեամբ վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերուն:

