Նախարար Նազարեան Իրան Այցելութեան Հրաւէր Ստացաւ

Նազարեան Ապատիէն կը ստանձնէ իրանեան հրաւէրը
Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ խորհրդակցեցաւ ջրաբաշխումի եւ ելեկտրականութեան ու կամուրջներու կառուցման եւ առնչակից հարցերու մասին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ նախօրօք կնքուած յարակից համաձայնութիւններու գործադրութեան: Այս առիթով դեսպան Ապատի նախարար Նազարեանին Իրան այցելութեան հրաւէր մը յանձնեց:
Միւս կողմէ, նախարար Նազարեան երէկ ընդունեց նաեւ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէի եւ քաղաքապետական պատուիրակութեան մը: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Պաալպեքի եւ մերձակայ շրջաններու ջրաբաշխումի առնչուող հարցերը` շրջանին մէջ ջուրի սակաւութեան երեւոյթին լոյսին տակ:

