Նախքան Հրշէջներու Եւ Ուղղաթիռներու Միջամտութիւնը. Կլիմայական Պատճառներով Ծագած Հրդեհ Մը Երէկ Սպառնաց Պաապտայի Պալատին Ու Մերձակայքի Բնակչութեան
Պաապտայի եւ մերձակայ` Եարզէի եւ Պթշայի շրջաններու բնակիչները խուճապի մատնուեցան երէկ, երբ կլիմայական պատճառներով հրդեհ մը ծագեցաւ մօտակայ ծառաստաններուն մէջ: Տաք հովը պատճառ դարձաւ, որ հրդեհը տարածուի եւ սպառնայ շրջանի բնակչութեան կեանքին: Հրշէջներն ու քաղաքացիական պաշտպանութեան տարրերը փութացին շրջան եւ յաջողեցան հակակշիռի տակ պահել ու ապա մարել հրդեհը, որ նաեւ կը սպառնար եզերել Պաապտայի նախագահական պալատը:
Իբրեւ նախազգուշական միջոց, շրջանի վարժարաններէն տուն ղրկուեցան աշակերտները եւ բանակային յատուկ ուղղաթիռներ օգտագործուեցան` ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին մարելու համար հրդեհը:
CATEGORIES Լիբանանեան

