«Նախագահի Մեր Թեկնածուն Էրտողանն Է» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխվարչապետը

Պիւլենթ Առընչ

Պիւլենթ Առընչ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտարարած է, որ թէ՛ ժողովուրդը, թէ՛ լրատուամիջոցները գիտեն, որ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին համար իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուն ով որ ալ ըլլայ, ան պիտի յաղթէ:

«Մենք հարիւր առ հարիւր վստահ ենք, որ մեր թեկնածուն պիտի ըլլայ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Վարչապետի պաշտօնին վրայ 12 տարուան յաջող աշխատանքէն ետք ան արժանի է երկրի նախագահ դառնալու», յայտարարած է ան:

Արընչ յայտարարած է, որ վստահ է, թէ նոյնիսկ ընդդիմութեան ընտրազանգուածը այս անգամ պիտի ընտրէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուն:

Share this Article
CATEGORIES