Նեթանիահու Կ՛ուզէ Իսրայէլը Միայն Հրեաներու Երկիր Դարձնել

0505NetanyahuԻսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երկրին սահմանադրութեան մէջ կը ձգտի վիճայարոյց փոփոխութիւն կատարել` ամրագրելով, որ «Իսրայէլը միայն մէկ ազգի` հրեաներու երկիրն է, եւ ուրիշ ոչ ոքինը»:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի հանդիպումին ժամանակ վարչապետը երաշխաւորած է, որ միեւնոյն ժամանակ երկրին մէջ բնակող փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ` արաբներուն իրաւունքները պիտի պաշտպանուին:

Նեթանիահու աւելցուցած է, որ այդպիսի փոփոխութիւն կենսական անհրաժեշտութիւն ունի, որովհետեւ հրէական պետութեան օրինական գոյութիւնը մնայուն ու աճող վտանգի տակ է` թէ՛ դուրսէն, թէ՛ երկրին մէջ: Ան մտավախութիւն յայտնած է, որ ժամանակի ընթացքին Իսրայէլ կրնայ վերածուիլ երկազգ` արաբ-հրէական պետութեան:

Այս առաջարկը արդէն խստիւ քննադատած են Նեթանիահուի ընդդիմախօսներն ու պաղեստինցիները:

Share this Article
CATEGORIES