Վարդան Մինասեան Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

0505vartanԻր լուրը քաղելով sports.kz կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան, որ վերջերս նշանակուեցաւ ղազախական Թոպոլ խումբի մարզիչ, երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 150 հազար թենկ տուգանքի ենթարկուեցաւ (շուրջ 820 ամերիկեան տոլար):

Ան դուրս եկած է մարզիչի բաժինին համար տրամադրուած իր սահմանագիծէն:

Այս մրցումը, որ կ՛իյնայ Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, աւարտեցաւ Մինասեանի խումբին յաղթանակով. վերջինս 3-0 արդիւնքով յաղթեց Իրթիշի:

Share this Article
CATEGORIES