Լիբանանեան Պասքեթպոլ. «Ֆայնըլ-Էյթ»-ի Վերջին Չորս Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Սաժես եւ Ամշիթ ապահովեցին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն իրենց տոմսերը` 3-0 արդիւնքով գերազանցելով իրենց մրցակիցները:

Վերջին երկու խումբերուն անունները ցարդ կը մնան անորոշ:

Ստորեւ կու տանք «ֆայնըլ-էյթ»-ի վերջին չորս մրցումներուն յայտագիրը.

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 8 ՄԱՅԻՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շանվիլ – Ռիատի 19:00 Շանվիլ
ՈՒՐԲԱԹ, 9 ՄԱՅԻՍ
Մութթահետ – Պիպլոս 18:00 Սաֆատի
ՇԱԲԱԹ, 10 ՄԱՅԻՍ
Ռիատի – Շանվիլ 17:00 Մանարա
ԿԻՐԱԿԻ, 11 ՄԱՅԻՍ
Պիպլոս – Մութթահետ 17:45 Պիպլոս

 

ՆՇԵՆՔ, որ Ռիատի եւ Պիպլոս այժմ 2-1 արդիւնքով կը յառաջանան:

Share this Article
CATEGORIES