Սուրիոյ Քրտական Շրջաններուն Մէջ Նախագահական Ընտրութեան Կայացման Հարցը Տակաւին Չէ Վճռուած
Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զինուորական բանբեր Ռիթուար Խալիլ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ քիւրտ զինեալները Սուրիոյ մէջ նախագահական ընտրութեան կայացման վերաբերեալ քաղաքական ղեկավարութեան որոշումին պիտի ենթարկուին` շեշտելով, որ այդ որոշումի բնոյթին դրական կամ ժխտական ըլլալը չի հետաքրքրեր քրտական մարտական ղեկավարութիւնը, որուն պարտականութիւնը քաղաքական ղեկավարութեան որոշումներուն գործադրումն է:
Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութեան բանբեր Ժուան Մոհամետ իր կարգին օրաթերթին յայտնած է, որ քրտական երեք շրջաններու` Ժազիրայի, Այն Արապի եւ Աֆրինի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հարցը տակաւին չէ վճռուած` աւելցնելով, որ նշեալ շրջաններուն կառավարման պատասխանատու քրտական խորհուրդները այս հարցը կը սերտեն եւ այդ առնչութեամբ որոշումը բոլոր ուժերուն միաձայնութեամբ պիտի որդեգրեն:
Մինչ այդ, Սուրիոյ Սահմանադրական դատարանը յայտարարեց, որ վաւերացուցած է դիմումները Սուրիոյ նախագահութեան երեք թեկնածուներու, որոնք են` Մահեր Հաժժար, Հասան Ապտալլա Նուրի եւ Պաշշար Հաֆեզ Ասատ:
Դատարանը ընդգծեց, որ այդ անունները նախնական են, եւ պէտք է սպասել վերջնական յայտարարութեան, որ պիտի կատարուի որոշումի վիճարկման դիմումներու քննարկման արդիւնքներուն լոյսին տակ:
Նշենք, որ նախագահութեան թեկնածուներուն թիւը հասած էր 24-ի, որոնց շարքին են երկու կիներ եւ քրիստոնեայ մը:

