Ճատրակ. Այսօր Կը Սկսի Պէյրութի 7-րդ Միջազգային Մրցաշարքը
Կազմակերպութեամբ Նոթրը Տամ-Ֆրեր Ֆըրն Շըպպեքի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, այսօր` երեքշաբթի, 6 մայիսին, կը սկսի Պէյրութի ճատրակի 7-րդ միջազգային մրցաշարքը: Անիկա կ՛աւարտի 14 մայիսին, երբ տեղի ունենան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Մրցաշարքին ընդհանուր գումար տրամադրուած է 7 հազար ամերիկեան տոլար: Տիտղոսակիրը պիտի ստանայ հազար ամերիկեան տոլար: Իսկ մրցաշարքին աւարտին պիտի պարգեւատրուի Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըր:
Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ կազմակերպիչներուն կողմէ, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 75 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ` 13 տարբեր ազգութիւններէ: Անոնց կարգին են 7 կրանտմասթըրներ եւ 6 միջազգային վարպետներ:
Նշենք, որ անոնց կարգին է ծնունդով ռուս, հոլանտացի Սերկէյ Թիվիաքով (41 տարեկան), որ 2008-ին հանդիսացած է Եւրոպայի ախոյեան: Անոր կէտերուն այժմու հաշիւն է 2661:
Գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Ուզպեքիստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Հասսան Թորտալիեւ:

