ՕԹԱՆ-ի Անդամ Երկիրները Էսթոնիոյ Մէջ Ռազմափորձերու Սկսած Են
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Էսթոնիոյ մէջ ընթացք առած են երկրի նորագոյն պատմութեան մէջ մեծագոյն ռազմափորձերը, որոնց կը մասնակցին ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու շուրջ վեց հազար զինուորներ:
«Գարնանային փոթորիկ» անուանումով ռազմափորձերը պիտի տեւեն մինչեւ 23 մայիս: Աղբիւրը կ՛ընդգծէ, որ այս տարի ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին ՕԹԱՆ-ի դաշնակից պետութիւններէն մրցանշային թիւով զինուորական միաւորներ:
Ռազմափորձերը պիտի կատարուին Էսթոնիոյ հարաւային ու հարաւարեւելեան հատուածներուն մէջ` Ռուսիոյ սահմանին մօտ:
«Գարնանային փոթորիկ» անունով տարեկան ռազմափորձերը տեղի կ՛ունենան 12-րդ անգամ ըլլալով: Անոնց աւարտէն ետք ամերիկացի անկարգելաւորները Էսթոնիոյ մէջ պիտի մնան առնուազն մինչեւ տարեվերջ:
CATEGORIES Միջազգային

